ԱՆՈՒՇՎԱՐԴ
– Աչքերուս չե՛մ հաւատար։
– Երա՞զ է, թէ՝ իրականութիւն։
Բացագանչութիւն, երջանկութեան արցունքներ եւ գիրկընդխառնում։
Այո՛, անահաւատալի, բայց իրաւ։ Քառասուն տարիներ առաջ Երուսաղէմէն ամուսնացեալ երկու զոյգեր՝ տէր եւ տիկին Ա. եւ Ք., եւ Ս. եւ Դ., որոնք ճակատագրի բերումով իրարմէ հրաժեշտ առած եւ երկրագունտի հակառակ ուղղութեամբ ճամբորդած էին, մէկ զոյգը՝ Աւստրալիա, իսկ միւսը՝ Քալիֆորնիա, ըսէ՛ք, խնդրե՛մ, բախտի կամ զուգադիպութեան ձգողական ուժը ո՞ւր կրնար միացնել զիրենք։ Այո՛, ճիշդ կռահեցիք, Հայկական ժառանգութեան զբօսանաւին վրայ, ուր 2020 հայորդիներ հեռաւոր Աւստրալիայէն, Հայաստանէն, Լիբանանէն, Կիպրոսէն, Յունաստանէն, Շուէտէն, Ֆրանսայէն, Զուիցերիայէն, Պելճիքայէն, Սպանիայէն, Անգլիայէն, Քանատայէն, Արժանթինէն եւ Ամերիկայի տարբեր նահանգներէն եկած էին ամբողջ շաբաթ մը՝ հայաբար ապրելու, ուրախանալու, զարգանալու եւ նորոգուելու։ Բացառիկ երեւոյթ մը, որ սքանչացուցած էր բոլոր մասնակցողները, որոնց կարգին նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան Ամերիկայի դեսպան՝ Թաթուլ Մարգարեանը, որ դիւանագիտական տենդագին աշխատանքներով լի իր թանկագին ժամանակը զիջած էր իր հայրենակիցներուն հետ ըլլալու քաղցր պարտականութեան, իր հետ ունենալով տիկինը՝ Աննան եւ անդրանիկ զաւակը՝ Դաւիթը։
Կիրակի, կէսօրուան ժամը մէկէն սկսեալ Հարաւային Ֆլորիտայի Ֆորթ Լոտըրտէլ քաղաքի նաւամատոյցէն մինչեւ Costa Magnificat իտալական նաւի մուտքը առաջնորդող անցքը այլակերպուած էր հայկական թաղամասի։ Ամէն կողմէ հայերէնով ողջոյններ, բացագանչութիւններ, զուարթ խօսակցութիւններ. արդէն իսկ անգլերէնը եւ սպաներէնը երկրորդ եւ երրորդ կարգի լեզուներ դարձած էին այդ եռուզեռին մէջ։ Սերունդներու տարբերութիւն կարծէք չէր զգացուեր, տարէցները նոյնքան աշխոյժ եւ եռանդուն էին, որքան երիտասարդները։
Ըսուած է, թէ՝ «Գեղեցիկ արեւածագը լաւագոյն երաշխիքն է գեղեցիկ օրուան»։ Նմանապէս, հայադրոշմ այս առաջին տպաւորութիւնը, առաւել՝ Կազմակերպիչ յանձնախումբին կողմէ իւրաքանչիւր հայ զբօսաշրջիկի նուիրուած Armenian Heritage Cruise տպանիշով եռագոյն պայուսակները, որոնց մէջ տեղաւորուած էր բացառիկ խնամքով պատրաստուած շաբթուան մանրամասն յայտագիրը, ինքնին լաւագոյն խօսուն առհաւատչեան էին ամբողջ շաբթուան վրայ երկարող նաւապտոյտին հաճելի, օգտակար եւ անմոռանալի ըլլալու նկարագրին։ Արդարեւ, հայկական օրը կը սկսէր առաւօտեան ժամը 9ին եւ կ’աւարտէր… առաւօտեան ժամը երեքին։ Առաւօտեան ժամերգութիւնը տեղի կ’ունենար մասնակցութեամբ շուրջ 100-120 հաւատացեալներու եւ կատարողութեամբ Սուրէն արք. Գաթարոյեանի, Անուշաւան եպս. Դանիէլեանի եւ Վազգէն Ա. քհնյ. Պէքեարեանի, իրենց կողքին ունենալով սարկաւագներ։ Զոյգ սրբազան հայրերը կը ներկայացնէին Օշական արք. Չօլոյեանը՝ առաջնորդ ԱՄՆի Կիլիկեան Արեւելեան թեմի, եւ Խաժակ արք. Յակոբեանը՝ առաջնորդ Քանատայի Կիլիկեան թեմի։
Յետ արարողութեան բազմազան յայտագրեր կը գործադրուէին, այսպէս՝ հայերէն լեզուի եւ հայկական պարի ուսուցում, պասքէթպոլի, նարտիի եւ թղթախաղի մրցաշարքեր։ Դասախօութիւններէն կամ ելոյթներէն հետաքրքրական էին Հայկական ծառատունկի յայտագիրը՝ Փօլ Եղիայեանի կողմէ, Հայաստանի երեխաներու ֆոնտը՝ Անուշ Ճիվէլէկեանի կողմէ, («Համազգային» մշակութային միութեան կողմէ կազմակերպուած,) «Մութ անտառ՝ լեռներու մէջ», «Ձեռքերս եւ հայրենիքս» եւ պատրաստութեան ընթացքի մէջ եղող «Վարդան Մամիկոնեան» հայկական երեք շարժապատկերներէն որոշ մասերու ներկայացում, նոյնինքն բեմադրիչ՝ Ռաճըր/Հրանդ Քուբէլեանի եւ իրեն գործակից Խորէն եւ Րաֆֆի Պանտազեաններու կողմէ, Ուաշինկթըն Տի. Սի.էն «Համաստեղ» հայկական դպրոցի ներկայացումը՝ «Մենք հայերէն չենք գիտեր», Վահէ Պէրպէրեանի մենակատակերգութիւնները, Հայ Դատի գրասենեակի ծանօթացումը՝ Կարինէ Պիրազեանի կողմէ, «Հայկական ճարտարապետութիւն՝ նախախորհրդային շրջանի հայկական բնակարաններ»ը՝ Լիլիթ Պիպոյեանի կողմէ, «Քէմփ Հայաստան ամառնային յայտագիր»ը՝ Ռոյ Քալանի կողմէ։ Յատուկ ուշադրութեան արժանի էին Հայաստանի դեսպան Թաթուլ Մարգարեանի ներկայացումը ներկայ Հայաստանի մասին, ինչպէս նաեւ կլոր սեղանի շուրջ ասուլիսը՝ Հայ-թրքական երկխօսութեան մասին, մասնակցութեամբ տոքթ. Արա Երէցեանի, «Հայ կեանք» շաբաթաթերթի խմբագիր՝ տիար Աբօ Չափարեանի, հանրածանօթ մտաւորական՝ տիար Պօղոս Քուբէլեանի, Անուշաւան եպս. Դանիէլեանի, եւ համադրութեամբ՝ Անդրանիկ Գասպարեանի։
Նաւապտոյտի հաճելի ծրագիրներէն մին էր նաեւ Cozumel, Grand Cayman, Jamaica, Turk and Caiacos islands չորս տարբեր կղզիներու այցը, ուր Հիւսիսի սառնամանիքէն խոյս տուողները թէ՛ արեւու եւ թէ ծովու հոյակապ ջերմութիւնը վայելելու առիթներ ունեցան։ Վերջին կղզիին վրայ երբ հարց կը տրուէր տեղացիի մը, թէ ամէնէն պաղ օրը ջերմաստիճանը քանի՞ կ’ըլլայ, պատասխանը՝ «այսօր» էր, այսինքն 78 Fahrenheit.
Վերոյիշեալ յայտագիրներու կողքին կէս գիշերէն մինչեւ արշալոյս նաւապտոյտը առաւել եւս խանդավառող ելոյթներ ունեցան հանրածանօթ եւ սիրուած երգիչներ, Քանատայէն՝ Արթուր Աբգարեան, Քալիֆորնիայէն՝ Ներսիկ Իսպիրեան, Պոսթընէն՝ Մէլ Պարսամեան, Հայաստանէն՝ Լիլիթ Պիպոյեան, ընկերակցութեամբ «Արմինիա» եւ «Տարօն» նուագախումբերու։ Այս բոլորի կողքին հաճելի էր ամէն առաւօտ նաւու միջանցքներուն մէջ հայերէնով լսել օրուան լրիւ հայկական ծրագրի ներկայացումը՝ տիար Արա Գաբրիէլեանի կողմէ, նաեւ հայկական տարբեր շարժապատկերներու ցուցադրումը, Յանձնախումբի անդամներու հետ հանդիպումը եւ «Հայրենիք» գրախանութի ներկայութիւնը, ուր կարելի էր այժմէական գիրքեր եւ յուշանուէրներ գտնել, բայց մանաւանդ ճաշարանի մուտքին նաւու սպասեակներու կողմէ քաղաքավարի դիմաւորուելով լսել հայերէն՝ «բարի՛ եկաք», «ինչպէ՞ս էք», իսկ ճաշին՝ «բարի՛ ախորժակ»։
Սրտագինս գնահատելի եւ օրինակելի ձեռնարկ մը, որ արդիւնքն է տասնամեայ ողջունելի տեսլականի, հետեւողական ծրագրումի եւ յարատեւ զոհողութեան՝ Յանձնախումբի անդամներուն՝ ատենապետ Պետրոս Պանտազեանի (Վըրճինիա), փոխատենապետ՝ Վազգէն Այվազեանի (Շիքակօ), Պետրոս Տէր Պետրոսեանի (Ֆլորիտա), Անդրանիկ Պուտագեանի (Նիւ Եորք), տէր եւ տիկին Ճորճ եւ Շաքէ Պասմաճեաններու(Տիթրոյիթ) եւ օժանդակութեամբ նուիրեալ բուռ մը հայորդիներու։ Ոշ մէկ կասկած, որ բացառիկ յաջող եւ իւրայատուկ ձեռնարկ մըն է սա, առանց խտրութեան իր շուրջ հաւաքելով գաղափարական կամ յարանուանական տարբերութիւններէ վեր՝ Հայ Հոգին կրող հայորդիներ։ Ապացո՞յց. ոչ միայն այս տարուան 2020 մասնակցողները, այլ արդէն իսկ նաւուն վրայ յաջորդ տարուան համար արձանագրուած 680 հոգիները։
Վարձքերնիդ լիովին կատար, կը մաղթենք, որ յաջորդ տարին նաւապտոյտը ըլլայ ո՛չ միայն ջախջախիչ մեծամասնութեամբ, այլ՝ լրիւ հայկական։