ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Միջազգային խորհրդարանական շարք մը կազմակերպութիւններուն մէջ Ազգային ժողովի պատուիրակութիւնները արդէն իսկ կազմուած են:
Ըստ Ազգային ժողովի պաշտօնական կայքի՝ ԱՊՀ մասնակից պետութիւններու միջխորհրդարանական վեհաժողովին մէջ ԱԺ պատուիրակութիւնը պիտի գլխաւորէ ԱԺ նախագահ Տիգրան Թորոսեան, պատուիրակութեան մաս կը կազմեն Սերոժ Աբրահամեանը («Օրինաց երկիր»), Իշխան Զաքարեան («Բարգաւաճ Հայաստան»), Վարդան Խաչատրեան («Ժառանգութիւն»), Կարէն Կարապետեանը (ՀՀԿ), Հրայր Կարապետեան (Հ.Յ.Դ.), Միքայէլ Մանուկեան (Հ.Յ.Դ.), Գագիկ Մինասեան (ՀՀԿ), Հերմինէ Նաղդալեան (ՀՀԿ), Էտուարտ Շարմազանով (ՀՀԿ), Ռաֆիկ Պետրոսեան (ՀՀԿ), Գալուստ Սահակեան (ՀՀԿ) եւ Էռնեսթ Սողոմոնեան («Բարգաւաճ Հայաստան»):
Սեւծովեան տնտեսական գործակցութեան խորհրդարանական վեհաժողովին մէջ պատուիրակութիւնը պիտի ղեկավարէ ՀՀԿ անդամ, ԱԺ ելեւմտական եւ ամավարկային հարցերու յանձնաժողովի նախագահ Գագիկ Մինասեան, պատուիրակութեան մաս կը կազմեն Մելիք Մանուկեան («Բարգաւաճ Հայաստան»), Արա Նռանեան (Հ.Յ.Դ.) եւ Ստեոպա Սաֆարեան («Ժառանգութիւն»):
Ֆրանսախօս երկիրներու խորհրդարանական վեհաժողովին մէջ ԱԺ պատուիրակութիւնը պիտի ղեկավարէ ԱԺ արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Արմէն Ռուստամեան: Պատուիրակութեան կ’անդամակցին Արա Բաբլոյեան (ՀՀԿ), Արմէն Դանիէլեան (ՀՀԿ), Նայիրա Զօհրաբեան («Բարգաւաճ Հայաստան»), Յովհաննէս Մարգարեան («Օրինաց երկիր») եւ Ստեոպա Սաֆարեան («Ժառանգութիւն»):
Ուղղափառութեան միջխորհրդարանական վեհաժողովին մէջ ԱԺ պատուիրակութիւնը կը ղեկավարէ ՀՀԿ անդամ Մկրտիչ Մինասեան, պատուիրակութեան մաս կը կազմեն Հ.Յ.Դ.էն Ռուզան Առաքելեան եւ «Բարգաւաճ Հայաստան»էն Մխիթար Մնացականեան:
ՆԱԹՕի խորհրդարանական վեհաժողովին մէջ պատուիրակութիւնը կը ղեկավարէ ԱԺ պաշտպանութեան, ազգային անվտանգութեան եւ ներքին գործերու յանձնաժողովի նախագահ Արթուր Աղաբէկեան: Պատուիրակութեան մէջ ընդգրկուած են Կարէն Աւագեան (ՀՀԿ) եւ Րաֆֆի Յովհաննէսեան («Ժառանգութիւն»):