ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Կրթութեան եւ գիտութեան նախարարի հրամանով բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններու 2007ի առկայ ուսուցման ընդունելութեան գործընթացը կազմակերպելու համար կազմուած է հանրապետական ընդունող յանձնաժողով:
Այս յանձնաժողովի նախագահն է նախարար Լեւոն Մկրտչեան, տեղակալը՝ փոխնախարար Արա Աւետիսեան, պատասխանատու քարտուղարը՝ նոյն նախարարութեան անձնակազմի, բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններու համակարգման եւ վերահսկման բաժինի պետ Սասուն Մելիքեան: Յանձնախումբին մէջ ընդգրկուած են նաեւ նախարարութեան՝ բարձրագոյն մասնագիտական կրթութեան վարչութեան պետ Ռուբէն Գասպարեան, պետական բուհերու տնօրէնները, Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան մէկ ներկայացուցիչ եւ Երեւանի քաղաքապետարանի ներկայացուցիչը:
Յանձնախումբի հաշուիչ կեդրոնի աշխատանքները պիտի համակարգէ ԵՊՀ հաշուիչ կեդրոնի տնօրէն Ռ. Թոփչեան, իսկ մամուլի հետ աշխատանքը՝ նախարարի մամլոյ քարտուղար Լիլիթ Գալստեանը: