ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Հայաստանի Հանրապետութեան խաղաղութեան բանակցութիւննե՞րը… կամաց-կամաց: Ճանապարհաշինութիւնը… կամաց-կամաց: Ժողովուրդի որպիսութի՞ւնը… կամաց-կամաց: Ժողովրդավարութիւնը եւ արեւմտեան չափանիշներուն համապատասխան բարեկեցիկ երկիր ունենալու գործընթա՞ցը… կամաց-կամաց: Իսկ խաշը կամ սուրճը, զոր կրակի վրայ պահած ենք… կամաց-կամաց: Մենք, սխալ մի՛ հասկնաք խօսքերս, իբրեւ ժողովուրդ, թիւրիմացութեան մը պատճառ ալ ըլլալ չեմ ուզեր, քիչ մը կամաց ենք: Մի գուցէ լաւ բան է անիկա… Սուրճը աւելի համով է, եթէ աւազի վրայ կամաց-կամաց եփի, խաշը աւելի հիւթեղ կը դառնայ, եթէ փուրի մէջ մնայ ամբողջ գիշեր մը: Իսկ կինը, անշնորհք ըլլալ չէ նպատակս, աւելի գեղեցիկ է, ըստ պոլսահայ բանաստեղծ Զահրատի, երբ »կամաց-կամաց կը հանուի յուլօրէն«: Այս հարցումներուն պատասխանը, կը մտածեմ, թէ »կամաց« բառի ստուգաբանութեան եւ պատմութեան մէջ է: Գիտեմ գիշեր է, եւ ձեր տնեցիները քնացած են հաւանաբար, ուստի խօսիմ կամաց եւ ներկայացնեմ »կամաց« բառը՝ դանդաղօրէն:
ԳՐԱԲԱՐԻ ՀԱՃԵԼԻ ԲԱՌԸ
«Կամաց» բառը ժառանգեցինք գրաբարի «կամք» արմատէն: Անիկա բուն կը նշանակէ՝ ըստ կամքի, յօժարօրէն, ցանկալի, ըստ ցանկութեան, ազատ կամքով եւ հաճութեամբ: Բնականաբար, երբ չկայ արտաքին ճնշում, բոլորս գիտենք, որ գործը կը կատարուի առանց շտապելու, ուստի բառս նշանակեց նաեւ՝ դանդաղօրէն: «Կամաց» բառը իր նախնական իմաստով տեղ գտաւ Աստուածաշունչ մատեանին մէջ, ինչպէս՝ «Ըստ կամաց բարեսիրաց», «Ի կամաց մարմնոյ», եւ այլն: Սիմէոն Ղափանցի տաղասացը այդ իմաստով էր, որ գործածեց բառս, երբ յանձնուեցաւ Հայր Աստուծոյ կամքին. «Վարեա՛ զիս միշտ ըստ կամաց քոց, հրաշագործ»:
ՊԱՐՍԻԿՆ ԱԼ ԿԱՄԱՑ Է
«Կամաց» մակբայը, զարմանալի եւ եզակի երեւոյթ, դուրս ելաւ Հայկական լեռնաշխարհէն եւ ճանապարհ ինկաւ դէպի Պարսկաստան: Տեղական »եաւաշ« բառին քով յայտնուեցաւ «կամաս-կամաս» արտայայտութիւնը, որ կը նշանակէ դանդաղօրէն, քնքշօրէն:
ԿԱՄԱՑ ՄԸ ԽԱՊՐԻԿ ԲԵՐ
Յետ-գրաբարեան հազարամեակը կամաց էր: Խիստ սակաւաթիւ է »կամաց« մակբայի գործածութիւնը հայկական գրականութեան մէջ: Բացառութիւն է 1500ական կամ 1600ականներուն յօրինուած »Կռունկ« երգը, ուր պանդուխտի վիճակը, յոռետեսութիւն մը վշատլի, նկարագրուած է «կամաց» բառով. «Աստընուորիս բաներն կամաց-կամաց է, / Միթէ Աստուած լսէ՝ դռնակն բացէ, / Ղարիպին սիրտն է սուգ, աչերն ի լաց է. / Կռու՛նկ, մեր աշխարհէն խապրիկ մի չունի՞ս»: 1750-60ականներուն, Սայաթ Նովան բառիս տուաւ սիրային բոյր: Աշուղը, որ իսկական որսորդ էր սիրոյ, ինչպէ՞ս պիտի տիրանար իր եարին, եթէ ան արագ-արագ վազէր. «Գիշիր-ցերեկ ման իմ գալի էշխեդ եանա-եանա, գո՛զալ, / Անգաճ արա՛, մատաղ իմ քիզ, մէ քիչ կամաց գնա, գո՛զալ»:
20ՐԴ ԴԱՐՈՒ ԿԱՄԱՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
Սեւ դագաղ մը անցաւ նորավիպագիր Լեւոն Բաշալեանի առջեւէն, եւ ան խոր յուզումով գրեց. «Կամաց-կամաց յառաջանալով՝ անյայտ եղաւ փողոցին ծայրէն, ու ինծի այնպէս կու գար, թէ սրտէս պատառ մը կը տանէին այդ սեւ մարդիկը»: Մէկ այլ տխուր պատկեր նկարագրեց Դանիէլ Վարուժանը: «Թիապարտները» քերթուածին մէջ, շառաչող մտրակներու հարուածով թիապարտները աղաղակելով կը թիավարէին: Իսկ մտրակի անփոյթ հարուա՞ծը եւ անոր ձգած հե՞տքը… Քստմնելի տեսարան. »Եւ թողած հետքը կապոյտ, կաղապարով խոտորնակ, / Կամաց-կամաց կը սկսի արեան ծիլեր դուրս բխել»:
ՀՄԱՅՔ Է ԴԱՆԴԱՂՈՒԹԻՒՆԸ
«Կամաց» բառը միշտ չէ, որ վշտալի տեսարաններ նկարագրելու համար եղաւ յարմար: Զայն գործածեցինք նաեւ բնութեան հմայքները դանդաղօրէն վայելելու համար: Առանց աճապարելու: Այդ արուեստին տիրացած էր Զապէլ Եսայեանը: Իր պատմուածքներուն եւ վէպերուն մէջ օրուան ամէնէն հմայիչ ժամերը կ՛անցնէին՝ կամաց: Հեղինակը կ՛ուզէր պահը վայելել լիովին: Ահա քանի մը օրինակ. »Մեր դիմացը կը խտանային Ալեմտաղիի անտառները: Սայլերը կամաց-կամաց կը մօտենային եւ կանգ կ՛առնէին անտառի մուտքին… Շոգենաւը հանդարտօրէն կը յառաջանար, Գապաթաշը բաւական անցած էր… Կամաց-կամաց կը հեռանար դէպի Սարայ Պուրնու. մանիշակագոյն եւ ծանր ամպերուն ներքեւ վարդագոյն գօտի մը միայն հորիզոնին վրայէն կը գծուէր՝ հետզհետէ տժգունելով«: Իսկ Արփիար Արփիարեանը կը զմայլէր մայրամուտին Պոսֆորի կամ Մարմարայի վրայ հեզութեամբ հեռացող շոգենաւու մը երազային պատկերին. «Շոգենաւին խելքը կանգնած, կը դիտեմ մարը մտնող արեւը: Հմայքը, որ կը բխի կրակի, կապոյտի, անունէ զուրկ հրաշազան գոյներու խառնամառն կիտուածէն, կարծես կամաց-կամաց կը պարպէ ուղեղս, կ՛ոչնչացնէ միտքս»:
ԿԱՄԱՑ-ԿԱՄԱՑ ԲԱԺՆՈՒԻՆՔ
Յակոբ Պարոնեանը առտնին վիճաբանութիւն մը, զաւեշտական պատկեր մը գրեց եւ մենք հասկցանք, որ Թափառնիկոսը եւ Մարթան պատրաստ են ամուսնալուծութեան.
«ՄԱՐԹԱ.- Ամուսնութեան կապը կամաց-կամաց թուլնալ սկսաւ:
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ.- Տաքէն անանկ կ՛ըլլայ:
ՄԱՐԹԱ.- Բոլորովին պիտի քակուի, գիտե՞ս:
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ.- Զանիկա կապողը պինդ կապեր է. չի քակուիր, քահանաներուն կապածը աշխարհականները չեն կարող քակել:
ՄԱՐԹԱ.- Ես կը քակեմ:
ԹԱՓԱՌՆԻԿՈՍ.- Գէշ չըլլար»:
Իսկ ե՞րբ է, որ մենք՝ հայերս, սկսանք տօնելու Ապրիլ 1ը: 1880ներուն, երբ Պարոնեանը գրի առաւ «Խիկարի օրատետրը». »17 Ապրիլ: Ապրիլի առաջին օրը կատակի համար սուտ խօսելու սովորութիւնը կամաց-կամաց բնութիւն դարձաւ ամենուս քով»:
ՔՆԱՐԱԿԱՆ ԿԱՄԱՑՈՒԹԻՒՆ
Անշուշտ, որ Յովհաննէս Թումանեանը պիտի ըլլար «կամաց» բառին քնարական շունչ տուողը: »Աշուն«ին մէջ տատանուող դեղնած տերեւ մը դիտեցինք՝ «Տխուր հանդերից / Ամէնքը տրտում / Քաշւում են կամաց / Իրենց տունն ու բոյն», իսկ «Անուշ»ին մէջ՝ ուռին, որ կ՛ըսեն, թէ աղջիկ մըն էր ժամանակին, լաց եղաւ կամաց. «Ջրերի վրայ / Գլուխը կախած / Դեռ դողում է նա / Ու լալիս կամաց»: Եղիշէ Չարենցի »Մարիոնետկա« բանաստեղծութիւնը, որ վերջերս երգի վերածուեցաւ, նկարագրեց տիկնիկի մը անկամ շարժուձեւերը: (Բանաստեղծը, աւա՜ղ, չըսաւ, թէ ո՛վ էր տիկնիկը, միթէ ի՞նքն էր, եւ ո՛վ էր լարախաղացը). «Կամաց, կամաց, կամաց, կամաց, / Ոտքերն հողին, հողին, հողին՝ / Եկաւ-գնաց, եկաւ-գնաց, / Գունատ, դեղին, գունատ, դեղին… / Աչքերն, անշարժ, հեռուն գամած. / Այդպէս հոգի՛ս պիտի մեռնի / Կամա՜ց, կամա՜ց, կամա՜ց, կամա՜ց«: Պաքուի մանկավարժական հիմնարկի շրջանաւարտ, Արցախի Հանրապետութեան քայլերգի հեղինակ, բանաստեղծ եւ թատերագիր Վարդան Յակոբեանը, որ այս տարուան Փետրուարին մահացաւ, «Կամաց, Սիրելիս» բանաստեղծութեան մէջ բացատրեց, թէ սէրը լռութեան մէջ է հաճելի. »Կամաց, սիրելիս, յանկարծ կը լսեն… / Կամաց, քնքուշս, յանկարծ կը լսեն… Դա ճի՞շդ է, արդեօք, որ կռունկները / Խաբրիկ են բերում, / Սիրոյ մի տխուր կռունկ եմ տեսնում / Ես քո աչքերում: / Դեհ, խօսիր բարձր՝ ամէնքը լսեն«: Ռազմիկ Դաւոյեանը կամաց մը բռնեց իր սիրածի ձեռքը. «Դու իմ ձեռքերից կը բռնես կամաց / եւ ինձ կը տանես թոյլ շշունջներիդ երգով անսահման»: Իսկ Պոլսոյ մէջ, Զահրատը ազնուաշուք տիկնոջ մը եւ ազնուափայլ պարոնի մը գիշերային մերձեցումը պատմեց. «Ազնիւ Տիկինը կը հանէ վերարկուն / ու կամաց-կամաց կը հանուի յուլօրէն / Ազնիւ Պարոնին եւ Սատանային / բերնին ջուրերը կը վազեն»:
ԱՅՍՕՐ ԼՈՒՐԵՐԸ ԿԱՄԱՑ ԵՆ
Թերթերու մէջ ինչպէ՞ս է կեանքը: Կա՞յ աշխուժութիւն, յառաջընթաց: Հաւանաբա՛ր: Միայն՝ կամաց-կամաց: Ահա քանի մը այժմէական խորագիրներ՝ հայրենի թերթերէն եւ լրատուամիջոցներէն. «Կամաց-կամաց կը սկսէք հասկանալ, թէ որն է ԼՂ անկախութիւնը ճանաչելու ու Արցախը Հայաստանի կազմում վերահռչակելու «նուրբ« տարբերութիւնը», «Մոսկուան կամաց-կամաց իրականացնում է Խորհրդային ժառանգութեան հողահաւաք Հարաւային Կովկասում», «Հայաստանում հողը կամաց-կամաց մահանում է»:
ԱՂՋԻ, ԴՈՒ ԿԱՄԱՑ ԽՕՍԻ
Այսօր, յարգելի ընթերցող, կը փափաքիմ քանի մը կամաց երգ մէջբերել եւ աւարտել մեր զրոյցը: Դուք այդ երգերուն մէջ կը լսէք, թէ կամացութիւնը ունի իր քաղցրութիւնը, ազնուութիւնը, քնարերգութիւնը, ինչպէս՝ «Կողբա եայլի» երգը. «Կողբա ելան սելերը, / Կտրաւ հոգուս թելերը, / Կամաց քշէք սելերը, / Կապեմ չուլքուս թելերը»: Իսկ Կոմիտաս Վարդապետը ականջալուր եղաւ «Բարձր սարից ջուր կը գայ» երգին, ուր կտրիճը կ՛աղաչէր, որ եարը խօսի կամաց, որպէսզի չարերը չլսեն իրենց սիրաբանութիւնը.
«Բաղի միջին վարդ կ՛ըլի,
Բաղի շունը զարթ կ՛ըլի.
Աղջի դու կամաց խօսի
Դալդա* տեղից մարդ կ՛ըլի»:
* Դալդա.- (Կարին, Ալաշկերտ, Համշէն) գաղտնի, ծածուկ տեղ: