ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Միտիա».- Օգոստոս 2ի կառավարութեան նիստի օրակարգէն հանուեցաւ Սեւանայ լիճի մակարդակի բարձրացումը դադրեցնելու վերաբերեալ քաղաքաշինութեան նախարարութեան ներկայացուցած որոշման նախագիծը:
Վարչապետ Սերժ Սարգսեան յանձնարարեց հանգամանօրէն քննել նախագիծը՝ շահագրգռուած կազմակերպութիւններուն եւ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Սեւանայ լիճի պահպանութեան փորձագիտական յանձնաժողովին հետ եւ ապա զայն ներկայացնել կառավարութեան:
Նշենք, որ ներկայացուած որոշման նախագիծով, Սեւանայ լիճի մակարդակի բարձրացումը պիտի դադրեցուի ծովու մակերեւոյթէն 1905 մեթր բարձրութեան վրայ, մինչդեռ նախորդ որոշումներով նախատեսուած էր լիճի մակարդակը բարձրացնել մինչեւ 1908 մեթր:
Սեւանայ լիճի պահպանութեան փորձագիտական յանձնաժողովը այս շաբաթ իր նիստին քննած էր կառավարութեան որոշման նախագիծը եւ եզրակացուցած, որ «ընդհանուր 1908 նիշը պէտք է անվերապահօրէն պահպանել»:
Մէկ օր առաջ, Օգոստոս 1ին, վարչապետ Սարգսեանին ուղղուած յանձնաժողովի նախագահ ակադեմիկոս Ֆատէյ Սարգսեանի նամակին մէջ ըսուած է. «Լճի հանդէպ ամէն մի անտարբեր, շահախնդիր եւ ոչ մասնագիտական մօտեցում կարող է անդարձելի բացասական հետեւանքներ ունենալ Սեւանայ լճի բնահամակարգի վրայ եւ այն դարձնել ճահճային ջրամբար»:
Իր եզրակացութեան մէջ յանձնաժողովը կը գտնէ, որ «1908 նիշից ներքեւ գտնուող տարածքներում կառուցապատումները պէտք է արգելուեն», իսկ «այն հիմնական քարէ շինութիւնները, որոնք այսօր արդէն գործում են օրէնքով սահմանուած կարգով, պէտք է տեղափոխուեն 1908 նիշից վերեւ»:
Իսկ յանձնաժողովի փոխնախագահ փրոֆ. Ռաֆայէլ Յովհաննիսեանը նախանցեալ օր «Ազատութիւն» կայանին իր տուած հարցազրոյցին մէջ, ակնարկելով ջուրին մակարդակը 1905 մեթրէն վեր չբարձրացնելու գաղափարին, ըսաւ. «Հասկանալի է, որ դա արւում է ճաշարաններն ու տաչաները (ամառանոց) պահպանելու համար: Խայտառակ բան է՝ պետութիւնը մտածում է մի քանի հոգու մասին՝ արհամարհելով մի ողջ լճի խնդիր: Ամբողջ մի պետութիւն որոշում է չբարձրացնել լճի մակարդակը, որ այդ կառուցապատմանը վնաս չտայ»: