ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Կառավարութիւնը հաստատած է 2007ի յոբելենական ձեռնարկներու ցանկը:
2007ին հանդիսաւորութեամբ պիտի նշուի Գէորգ Բաշինջաղեանի, Գուսան Շերամի եւ Սիրանոյշի 150ամեակը, Լեւոն Օրբելիի 125ամեակը: Կառավարական մակարդակով պիտի կազմակերպուին նաեւ Նորայր Սիսակեանի, Գառզուի, Աշոտ Սայաթեանի 100ամեակները, Ֆրունզէ Դովլաթեանի 80ամեակը, Կարէն Դեմիրճեանի 75ամեակը եւ Մոնթէ Մելքոնեանի 50ամեակը:
Յաջորդ տարի նաեւ ազգային պատկերասրահի 175, Ստանիսլաւսքիի անուան ռուսական թատրոնի եւ Հայաստանի պետական ակադեմական երգչախումբի 70ամեակներն են: