ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Օգոստոս 30ի նիստին կառավարութիւնը վաւերացուց գիտութեան ոլորտի բարեփոխումներու ձեռնարկներու ծրագիրը եւ ժամանակացոյցը:
Եռամեայ (մինչեւ 2011) ծրագիրով նախատեսուած է իրականացնել աւելի քան մէկուկէս տասնեակ միջոցառումներ, որոնցմէ է՝ ոլորտի բարելաւման ուղղուած օրէնքներու նախագիծերու մշակում եւ ներկայացում կառավարութեան, գիտութեան ոլորտի պետական կառավարման մարմինի ձեւաւորում, գիտական կեդրոններու ձեւաւորման սկզբունքներու եւ չափանիշներու մշակում, գիտութեան զարգացման պետական ռազմավարական ծրագիրի մշակում եւ ներկայացում կառավարութեան, գիտութեան ենթակառոյցի, նիւթարհեստագիտական հիմքի արդիականացում, գիտութեան ոլորտի բարեփոխումներու ժամանակացոյցի մշակում եւ հաստատում, գիտութեան երիտասարդացման ծրագիրի մշակում եւ այլն: