«Երկիր Մետիա» պատկերասփիւռի կայանը տեղեկացուց, որ Դեկտեմբեր 9էն 10 լուսցող գիշերուան ընթացքին ազգային անվտանգութեան ծառայութեան աշխատակիցները ձերբակալած են շարք մը ընդդիմադիր գործիչներ, որոնց կարգին՝ Շուշիի առանձնակի գումարտակի նախկին հրամանատար, »Ազատագրուած տարածքների պաշտպանութիւն« հասարակական նախաձեռնութեան համակարգող Ժիրայր Սեֆիլեանը։
Ձերբակալեալները կ՚ամբաստանուին յեղաշրջում կազմակերպելու յանցանքով։