ԵՐԵՒԱՆ, ՀՀ Նախագահի Մամլոյ Գրասենեակ.- Նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի Դեկտեմբեր 29ի հրամանագիրներով, օրինականութեան եւ իրաւակարգի ամրապնդման գործին մէջ ներդրած աւանդի համար գլխաւոր դատախազ, արդարադատութեան պետական խորհրդական Աղուան Յովսէփեան պարգեւատրուած է «Հայրենիքին մատուցած ծառայութիւններու համար» առաջին աստիճանի շքանշանով:
Պետական կառավարման համակարգին մէջ արդիւնաւէտ աշխատանքի համար Անանիա Շիրակացիի շքանշանով պարգեւատրուած են բնապահպանութեան նախարար Վարդան Այվազեան, փոխադրութեան եւ կապի նախարար Անդրանիկ Մանուկեան, աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարար Աղուան Վարդանեան, տարածքային կառավարման նախարարութեան ջրային տնտեսութեան պետական կոմիտէի նախագահ Անդրանիկ Անդրէասեան, Երեւանի քաղաքապետ Երուանդ Զախարեան եւ պետական գոյքի կառավարման վարչութեան պետ Կարինէ Կիրակոսեան: