ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Հայը բազմակարծիք ազգի համբաւ ունի: Սակայն, այսօր տեսնելով, թէ աշխարհաքաղաքական բարդ անելներու մէջ կը տառապինք՝ կարծիքներու բազմութենէն՝ պաշտօնական, անձնական, կուսակցական եւ հանրային, ու միջանցքային սահմանային ճգնաժամի այս ընթացիկ օրերուն տեղեկանալով, թէ մեր մասին որոշումներ իսկ կու տան՝ առանց մեր կարծիքը առնելու, մտածեցի «կարծիք» բառի ստոյգ պատմութիւնը գրի առնել, առա՛նց անձնական կարծիքս յայտնելու, սոսկ հիմնուելով գրական հաստատ փաստերու վրայ, որպէսզի լաւ տեղեկացուած կարծիք ձեւաւորենք այն մասին, թէ ի՛նչ է մեր բոլոր տարակարծութիւններուն արմատը:
ՀԱՅՈՒ ԱՌԱՋԻՆ ԿԱՐԾԻՔԸ
5րդ դարուն հայը ունէր լաւ կազմուած »կարծիք«: Ձեզի կարծիք մը տալու համար ըսեմ, թէ Աստուածաշունչի անդրանիկ թարգմանութեան մէջ անիկա գործածուած էր 50 անգամ, ու մեր Ոսկեղնիկը աւելի քան տասը բաղադրեալ բառեր ունէր «կարծիք» բառով կազմուած: Հայը իր Սուրբ Գիրքին մէջ կ՛ընթերցէր հետեւեալ արտայայտութիւնները. «Կարծիք չարենաց», «Կարծիք վշտագին», «Զի հաւատովք գնամք եւ ոչ կարծեօք»: Նոյն օրերուն գրաբարը կը վայելէր «կարծ» արմատով կառուցուած բառերու ճոխութիւն մը: Ահա քանի մը նմոյշ, որպէսզի ճաշակենք անցեալի պերճութիւնը. ԿԱՐԾ. «Տիրապէս դատեսցիս, եւ ո՛չ ՛ի կարծ», ԿԱՐԾԱԿԱՆ. «Կարծական եղեւ մեզ այս կեանքս», ԿԱՐԾԱԿԻՑ. «Ինձ լինել քեզ կարծակից», ԿԱՐԾԵԱԼ. «Հպարտութիւն կարծեալ գոռոզին», ԿԱՐԾԵԽՕՍ. «Զնոսա կոչեմք մեք կարծեխօսս», ԿԱՐԾԵՑԵԱԼ՝ «Կարծեցեալ ճաճանչ»: Բարեպաշտ հայը իր պատարագին մէջ նաեւ կ՛երգէ իր հաւատամքը ու կ՛ըսէ. «Որով էառ զմարմին, զհոգի եւ զմիտ եւ զամենայն որ ինչ է ի մարդ, ճշմարտապէս եւ ոչ կարծեօք»:
ԿԱՐԾԻՔՆԵՐՈՒ ՄԱՏԵԱՆ
Գրիգոր Նարեկացին իր Մատեանին մէջ արտայայտեց բազմաթիւ կարծիքներ, սակայն սակաւաթիւ են անոնք, որոնք հիւսուած են »կարծիք« բառով: Կը փափաքիմ մէջբերել երկու հատը, թէ՛ որպէս ընտիր միտք եւ թէ որպէս քնարական արտայայտութիւն. «Անցեալն՝ անյայտ, եւ ապառնին՝ կարծողական», «Մտեալ ընդ խղճիս տագնապ երկիւղիս, / Սոսկամ սասանեալ յամենայն կարծեաց»:
ՄԱՀՈՒԱՆ ԿԱՐԾԻՔ ՉՈՒՆԻՄ
Միջնադարու հայ տաղասացը կատարելապէս կ՛արտայայտէր իր ժամանակաշրջանի աշխարհիկ ոգին. վայելել երկրային կեանքը ու անոր բարիքները, պաշտել բնութիւնն ու գեղեցիկը: Վանեցի Նահապետ Քուչակը, կարծեմ 1530 կամ 1540 թուականն էր, կէս գիշերին, երբ »լուսինը կամար կապած« էր, տեսաւ, անսպասելիօրէ՛ն, երազներուն ամէնէն անուշը. »Իմ եարն յերազիս եկաւ, ի սիրուն զէտ հարբած եղայ Յանկարծ ի քնուս ելայ, – լուսինկա՜յ, ու խիստ կու ցոլայ«:
Տաղասաց Խաչատուր Կեչառեցին սարսափեցաւ, թէ այլեւս կ՛աւարտի իր երկրային կեանքը. «Հանգիստ չունիմ բնաւ ի քուն եւ արթնութեան, / Կարծեմ, թէ մերձեցաւ առ իս օր մահուան»: Իսկ մէկ այլ տաղասաց, որուն անունը չկրցայ ստուգել եւ իր մասին ձեզի սխալ կարծիք տալ չեմ ուզեր, ափսոսաց, որ կը հեռանայ այս աշխարհէն՝ առանց լիովին վայելած ըլլալու անոր շնորհները. «Ու մահուան կարծիք չունէի: / Յանկարծ ցաւըն զիս էառ, / Ես ի յիս աջէբ մնաց»:
ՄԵԿՆԱԾ ԷՐ ՍՐՏԷՍ, ԿԱՐԾԵՍ…
20րդ դարու հայկական քնարը – նկատի ունիմ 1908-1915 ժամանակաշրջանի եօթը երանելի տարիները – կարծեց, թէ կը թռչէր: Ազգային եւ անձնական կարծեցեալ ոգեւորութեան մէջ, մեր բանաստեղծները կարծես թէ կը յօրինէին հոգիներ պարուրող մեր ամէնէն նուրբ քերթուածները: Սակայն քիչեր գործածեցին «կարծիք» բառը: Բացառութիւն է Վահան Թէքէեան: «Եկեղեցին Հայկական» բանաստեղծութեան մէջ տեսանք նաւ մը, որ եկած էր մեծ աղէտէն մեզ փրկելու. «Ու հեռուն, կանգնած իր լուռ խորանով, որ կարծես նաւ մ՛է ծփուն»: Թէքէեանը, կարծեմ սխալ չըլլար եթէ ըսեմ, թէ պղատոնական սիրոյ ասպետ մըն էր: Ան գոհ էր լոկ գեղեցիկի յիշատակներով: Եւ օր մը, գիշեր էր, մենութեան խաղաղ ժամերուն, յանկարծ՝ «իր գրկին մէջ, կուրծքն ի վեր» հիւր մը յայտնուեցաւ. «Քու յիշատակդ, այս գիշեր, զիս լալու չափ կը յուզէ. / Կարծես մեկնած էր սրտէս, եւ գաղտնաբար այս գիշեր / Ետ կը դառնայ, իր հին տեղն ու հին գգուանքը կ՛ուզէ»: Այդ օրերուն, Գրիգոր Զօհրապը հեղինակեց նորավէպ մը ու զայն կոչեց՝ «Կարծեմ Թէ»:
ՄԷԿԸ ԻՆՁ Է ԵՐԱԶՈՒՄ, ԿԱՐԾԵՍ, ԹԷ…
Հայկական գեղապաշտ գրականութեան արեւելեան ճիւղին մէջ, Վահան Տէրեանն է, որ գրեց անուրջներով, ցնորքներով եւ երազներով ձեւաւորուած կարծիքներ: Տէրեանի «Մթնշաղի Անուրջներ» ժողովածուն, անկասկա՛ծ, ընտիր փունջ մըն է անձնական վառ ու յուզական կարծիքներու. «Կարծես կանչում է ինձ մի քնքոյշ ձեռք… Իմ մոլոր ճամբին դու յանկարծ իջար… Գուցէ դու յանկարծ «պատահմամբ» դուրս գաս, կարօտս, գուցէ, դու յանկարծ զգաս… Արձակ դաշտերի ամայութեան մէջ նա մեղմ շշնջաց, կարծես թէ սիրոյ քնքոյշ խօսք ասաց նիրհող դաշտերին… Կարծես թէ մէկը ինձ է երազում«, 1908:
ԱՆՀՆԱՐ ԿԱՐԾԻՔՆԵՐ
Խորհրդային Հայաստանի տարիներուն, հասարակութիւնը կը կարծէր, թէ Պարոյր Սեւակը անհնար պահանջներ ունի: Առանց ոեւէ մէկուն կարծիքը հարցնելու՝ յօրինելու վարժ բանաստեղծը զայրացա՛ծ գրեց. «Ես ուզում եմ, ձեր կարծիքով, անհնա՞րը… Թո՛ղ, այդ դէպքում, կանայք ծնեն առանց ցաւի՜, Երկրները պատերազմեն, սակայն առանց արեան ծովի՜, Հրդեհները առանց հրի՜ թող ճարակեն, Մարդիկ իրար առողջութեա՜մբ թող վարակեն»: Ապա շարունակեց սեւակեան կարծիքներու ալիքը. »Ես կարծում եմ, երբ որ ջուրը / Վարարում է, ելնում ափից, / Թոյլտուութիւն չի վերցնում / Իրեն հսկող նեղ քարափիՑ… Ես կարծում եմ, պաղն աւելի / Լաւ ես զգում ամրան շոգին«:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎ ԿԱՐԾԵՑԻՔ
Պոլսահայ արդիական բանաստեղծութեան ամէնէն կարծիքաւոր բանաստեղծը Զահրատն էր անկասկա՛ծ: Անոր գործերուն մէջ կարդացինք բազմաթիւ անկարծելի եւ խոհական միտքեր, ինչպէս՝ «Խիճերն ադամանդ կարծող միամիտ հոգւոյս բարի խաբկանք«, »Արդէն ամէն ինչ յանկարծ կը պատահի արագութիւններու այդ կարգուսարքին մէջ», «Չար հոգիս դուն – որ գեղեցկութեամբդ թափանցիկ, կարծել կու տաս, թէ նոյնքան ալ դիւրին է թափանցել / մտերմութեանդ», «Շատեր զիս փշաթել՝ երկաթէ դուռ կը կարծեն»: Ապա Զահրատը բացատրեց, թէ ո՛վ էր իր գրական հերոսը՝ Կիկօ՛ն. »Կիկօ – խոնարհ – մօտ էր հողին այնքան / Որ դուք զինք / արմատ կարծեցիք«: Իսկ օր մը ծանօթացանք Կիկոյի – ներեցէ՛ք արտայայտութիւնս – յետոյքին հետ.
Ինչ կարծեցիք –
Դրօշազարդ զբօսանա՞ւ
Թէ կրկէսի հսկայ վրան խայտաբղէտ –
Դուք Կիկոյին յետոյքը ի՞նչ կարծեցիք
– Տաս-տասներկու կտոր գոյն-գոյն կարկտան –
Միջազգային համաժողով կարծեցիք:
ԺԱՄԱՆԱԿԱԿԻՑ ԿԱՐԾԻՔՆԵՐ
Այսօր հայը կարծիք յայտնելու դժուարութիւն չունի: Հայը, շնորհիւ »կարծիք« բառով կազմուած բազմաթիւ պատկերալից խօսքերու, իր միտքին եւ զրոյցներուն մէջ կը կազմէ, կը ձեւաւորէ, կը յայտնէ, կը ներկայացնէ, կու տայ, կ՛առնէ, կ՛ունենայ՝ կարծի՛ք: Հայը ունի «հասարակաց», «նախաժաման», «ազատամիտ», «անձնական» կարծիքներ:
ՄԱՄՈՒԼԸ ԿԸ ԿԱՐԾԷ
Հայկական մամուլը մեզի ցոյց կու տայ, թէ հայրենիքի մէջ աշխարհային ի՛նչ կարծիքներ շրջանառութեան մէջ են ու գրաւիչ են ընթերցողի համար. «Չեմ կարծում՝ բանակի սպառազինութեան համալրման հարցերը հրապարակային պէտք է քննարկենք», վարչապետ Ն. Փաշինեան «Հինգ ամիս չէի ընդունում, որ ողջ եմ, կարծում էի տեսիլքի մէջ եմ», ժամկէտային զինծառայող Սերգէյ Համբարձումեան. «Կարծում եմ երրորդ համաշխարհային պատերազմն անխուսափելի է», Մանկավարժականի նախկին ռեկտոր Ռուբէն Միրզախանեան. «Չեմ կարծում, որ գերութիւնից վերադարձածներին պէտք է բանակից ազատել», պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան:
ՈՒ ԹԷ ՅԱՆԿԱՐԾ ԵՐԳՍ ՔԵԶ ՉՀԱՍՆԻ
Հայկական երգարուեստին մէջ խիստ հազուագիւտ է «կարծիք» բառին գործածութիւնը, հակառակ անոր, որ հայը սիրած է վառ կարծիքներ յայտնել իր սիրածին մասին: Լոկ երկու երգ իր մէջ կը պարունակէ «կարծիք» բառը: Առաջինը՝ Մարտին Մկրտչեանի կատարած «Յանկարծ» երգն է, որ սիրոյ տաղ է. «Ես այսօր նոր սէր գտայ յանկարծ / Դու այսօր իմը դարձար յանկարծ, թէ ինչպէս չիմացայ / Իմ սրտի հուրը հանգած վառեցիր նորից յանկարծ…»: Իսկ Նունէ Եսայեանի «Ու թէ յանկարծ» երգը, որ Արտեոմ Սարգսեանի կատարումով նոր կեանք ստացած է, հեռացած սիրոյ յուզիչ պատմութիւն է՝ աշխարհի՛ն յայտնի… Մինչ, յարգելի ընթերցող, ձեզ առանձին կը թողում այդ երգի խօսքերով, կը մաղթեմ, որ սեփական կարծիքները ձեզ յուսախաբ չընեն, իսկ մեր ազգը միակարծիք ըլլայ իր անելներուն առջեւ.
«Մոռանալ չեմ կարող իմ սէր…
Ու թէ յանկարծ երգս քեզ չհասնի
Չեմ տխրի, այդքան կը պահեմ ես գաղտնի
Թող մնայ ինձ հետ սէրը իմ յօրինած
Քեզ համար անյայտ աշխարհին յայտնի»: