Ապահովական գետնի վրայ հաղորդուեցաւ, թէ Երեքշաբթի օր չորս ամերիկացի զինուորներ սպաննուած են Իրաքի մէջ, Պաղտատի մօտերը, երբ ճամբեզրին դրուած ական մը պայթած է ամերիկեան ջոկատի մը անցքի պահուն: Այս ձեւով, Օգոստոսի առաջին շաբաթը սպաննուած ամերիկացի զինուորներուն թիւը հասաւ 19ի: Անգլիացի զինուոր մը եւս մահացաւ՝ Երկուշաբթի օր տեղի ունեցած բախումի մը ընթացքին իր ստացած վէրքերէն, Պասրայի մէջ: Իրաքի պատերազմի սկսելէն ի վեր, 165 անգլիացի զինուորներ սպաննուած են:
Գալով կառավարական տագնապին, տակաւին լուծումի ոչ մէկ հեռանկար կը տեսնուի սիւննի նախարարներու հռչակած պոյքոթէն ի վեր: