ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Հայաստանի կենսոլորտի պաշտպան շրջանակները երկրի իշխանութիւններէն պահանջեցին համապատասխան միջոցներ ձեռք առնել, որպէսզի ապօրինի անտառահատումներու առաջքը առնուի:
Յատկապէս Հայաստանի անտառներու հարցերով զբաղող ոչ կառավարական կազմակերպութիւն մը կառավարութենէն կը պահանջէ վճարումներ սահմանել երկրի բնական աղբիւրներու խելամիտ օգտագործման համար: Կազմակերպութիւնը նաեւ առաջարկեց ներածման մաքսէ զերծ պահել Հայաստան բերուող շինանիւթի փայտը եւ բարձր տուրքեր սահմանել տեղական փայտի արտածումին վրայ: Նոյնը կ’առաջարկեն նաեւ փայտեայ իրերու (կարասի եւայլն) պարագային եւ նուազեցնել ոչ փայտեայ կարասիներու ներածումի մաքսը:
Կազմակերպութեան պաշտօնատար մը յայտնեց, թէ իբրեւ շինանիւթ գործածուող փայտի ներածումը զգալիօրէն նուազած է վերջին տարիներուն եւ բաւական բարձրացած է փայտի… արտածումը:
«Հայանտառ» ընկերութեան տնօրէն Մարտուն Մաթեւոսեան համամիտ է, որ ներածուող փայտի մաքսը պէտք է նուազեցնել, միաժամանակ ակնկալելով, որ ապօրինի անտառահատումները կրնան աճ արձանագրել այս եղանակին՝ մօտալուտ ձմրան հեռանկարով:
«Ապօրինի անտառահատումները յատուկ են այն երկիրներուն, ուր ընկերային սուր խնդիրներ եւ ուժանիւթի տագնապ կան», ըսաւ Մաթեւոսեան:
Ըստ «Հայանտառ»ի, այս տարուան ընթացքին, ցարդ 819 խորանարդ մեթր փայտ հատուած է Հայաստանի անտառներէն, ինչ որ անհամեմատօրէն նուազ է 2003ին արձանագրուած տուեալէն՝ 16,000 խորանարդ մեթր: Սակայն ըստ այլ աղբիւրներու, այդ տարի 800,000 խորանարդ մեթր փայտ ապօրինաբար հատուած է Հայաստանի անտառներէն: