ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Էյտզ հիւանդութեան «Արմենիքում» դեղը գրանցուած է Ուքրանիոյ եւ Ռուսիոյ մէջ, իսկ ընթացքի մէջ է Եւրոպայի 25 երկրներու պարագային, արտօնութիւն ստացուած է գրանցելու զայն Հնդկաստանի, ինչպէս նաեւ Ափրիկէի գրեթէ բոլոր երկիրներու մէջ: Ըստ «Արմենիքում» ընկերութեան գլխաւոր տնօրէն Լեւոն Գէորգեանի, ընկերութիւնը դիմած է նաեւ Չինաստանի, դեղը հոն եւս գրանցելու համար:
Նշենք, որ վերջերս յայտարարուած է, որ Իրանի գիտնականները ստեղծած են նման դեղ մը: Իրանի առողջապահութեան նախարար Քամրան Պաղերի ըսած է, որ «IMOD» կոչուած այս դեղը արդիւնաւէտ ազդեցութիւն ունի օրկանիզմի արեան շրջանառութեան եւ պաշտպանողական համակարգերու վրայ:
Անցեալ շաբաթ Էյտզը բուժող դեղ յայտնաբերելու մասին յայտարարած էր նաեւ Կամպիայի (Ափրիկէ) նախագահ Եահեա Ճամմէ: