ԻՉԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Տաւուշի մարզի Ոսկեպար-Բաղանիս միջպետական նշանակութեան ճանապարհահատուածի կառուցման աշխատանքները կը շարունակուին: Այս մասին յայտնեց Տաւուշի մարզպետարանի ճանապարհաշինութեան բաժինի վարիչ Արտակ Սարգսեան եւ նշեց, որ արդէն կատարուած է հողային աշխատանքներու 70%ը եւ արուեստական կառոյցներու տեղադրման 90%ը։
Աշխատանքներու ժամկէտը 2007ի Յուլիս 31ն է։
Յիշեցնենք, որ Ոսկեպար-Բաղանիս 6.3 քիլոմեթր երկարութեան ճանապարհահատուածի կառուցման աշխատանքները ընթացքի մէջ են անցնող Օգոստոսէն ի վեր, եւ ճանապարհի կառուցման նախահաշուային արժէքը 700 միլիոն դրամ է։ Ճանապարհը կ’անցնի Ոսկեպար եւ Բաղանիս սահմանամերձ համայնքներու վարչական սահմաններէն՝ շրջանցելով այժմ գործող Ոսկեպար-Բաղանիս միջպետական նշանակութեան ճանապարհահատուածի 2 քիլոմեթր երկարութեամբ վտանգաւոր հատուածը։