ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 2007էն սկսեալ 200 հազար դրամ դրամական օգնութիւն կը յատկացուի երրորդ եւ աւելի երեխայի ծննդեան պարագային:
Խօսելով այս մասին, աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարութեան ընկերային աջակցութեան վարչութեան պետ Աստղիկ Մինասեանը յայտնեց, որ մինչեւ Յունիս միանուագ օգնութիւն յատկացուած է 524 երեխայի համար: Ան ընդգծեց, որ այս աջակցութիւնը կը տրուի միայն այն ընտանիքներուն, որոնք մինչեւ երեխայի ծնիլը հաշուառուած են չքաւորութեան ընտանեկան նպաստի համակարգին մէջ եւ անոնց անապահովութեան կէտը 0էն բարձր է: