ՊՐԻՒՔՍԷԼ, «Ռոյթըրզ».- Եւրոպական միութեան նախագահութիւնը ստանձնած Ֆինլանտայի վարչապետ Մաթի Վանհանէն Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 8ին յստակօրէն յայտարարեց, թէ Կիպրոսի հարցով Թուրքիոյ կողմէ մէկ օր առաջ ներկայացուած առաջարկը բաւարար չէ:
Ան շեշտեց, թէ Թուրքիա ցարդ իր պարտաւորութիւնները չէ կատարած իր նաւահանգիստներն ու օդակայանները Կիպրոսի առջեւ բանալու առնչութեամբ, որու հետեւանքով անդամակցութեան բանակցութեանց առնուազն մէկ մասը կրնայ սառեցուիլ:
Թուրքիա առաջարկած էր մէկ տարուան համար միայն մէկ նաւահանգիստ բանալ կիպրական նաւերուն առջեւ, պայման դնելով, որ Եւրոպական միութիւնը համահաւասար քայլ մը առնէ Թուրքիոյ կողմէ գրաւուած հիւսիսային Կիպրոսի հանդէպ: Կիպրոս Եւրոմիութիւնը ծաղրանքի առարկայ դարձնելու համազօր քայլ որակած էր այս առաջարկը:
Դարձեալ Ուրբաթ օր, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճորճ Պուշ հեռաձայնային խօսակցութիւն մը ունեցաւ Թուրքիոյ վարչապետ Ռէչէփ Թայիփ Էրտողանի հետ, վստահեցնելով, թէ Ուաշինկթըն պիտի շարունակէ նեցուկ կանգնիլ Թուրքիան Եւրոպական միութեան անդամ դարձնելու աշխատանքներուն: