ՀԵԼՍԻՆՔԻ, ՊՐԻՒՔՍԷԼ, «Ռոյթըրզ».- Փորձելով Եւրոպական միութեան անդամ երկիրներուն միջեւ պառակտում մը ստեղծել յառաջիկայ շաբաթ տեղի ունենալիք գերաստիճանի նախօրեակին, Անգարա Կիպրոսի հարցով նոր առաջարկ մը ներկայացուց Եւրոմիութեան նախագահութիւնը ստանձնած Ֆինլանտայի իշխանութեանց: Թուրքիոյ այս քայլը սակայն, անմիջապէս անբաւարար նկատուեցաւ Նիկոսիոյ իշխանութեանց կողմէ:
Թուրքիա առաջարկած է միայն մէկ նաւահանգիստ բանալ կիպրական նաւերուն առջեւ, առանց «նախապայման» բառը գործածելու պայման դնելով, թէ Եւրոպական միութիւնը պէտք է համահաւասար քայլ մը առնէ Թուրքիոյ կողմէ գրաւուած հիւսիսային Կիպրոսի հանդէպ:
Կիպրոս Եւրոմիութիւնը ծաղրանքի առարկայ դարձնելու համազօր քայլ որակեց այս առաջարկը եւ յիշեցուց, թէ Եւրոմիութեան անդամակցութեան բանակցութիւնները շարունակելու նախապայամաններէն մէկն է Թուրքիոյ բոլոր նաւահանգիստներուն ու օդակայաններուն բացումը Կիպրոսի առջեւ: Ֆինլանտա դրական, սակայն ոչ ամբողջական համարեց Թուրքիոյ առաջարկը:
Եւրոմիութեան այլ անդամներ եւս դէմ կը կենան Թուրքիոյ ստանձնած այս պարտաւորութիւնը հիւսիսային Կիպրոսի մեկուսացման վերջ տալու հարցին կապելու Անգարայի փորձերուն: