ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ապտալլա Կիւլ Միացեալ Նահանգներ իր այցելութեան վերադարձին յայտնեց, թէ Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւը կասեցնելու հարցով ամերիկան իշխանութիւնները չեն կրցած հաստատ երաշխիք մը տալ, այնուհետեւ խոստացած են իրենց աշխատանքները շարունակել բանաձեւը ձախողութեան մատնելու նպատակով: Կիւլ աւելցուց, թէ ամերիկեան իշխանութիւններուն յստակ ձեւով բացատրած է, թէ Թուրքիա-ԱՄերիկա յարաբերութիւնները պիտի տուժեն, եթէ բանաձեւը վաւերացուի:
Այժմ Ուաշինկթըն կը մեկնի նաեւ Թուրքիոյ սպայակոյտի նախագահ զօր. Եաշար Պիւյիւքանըթ, որ Չորեքշաբթի ու Հինգշաբթի օրերուն հանդիպումներ պիտի ունենայ Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Տիք Չէյնիի, Միացեալ Նահանգներու սպայակոյտի պետ զօր. Փիթըր Փէյսի եւ շարք մը այլ զինուորական ու քաղաքական պաշտօնատարներու հետ։
Պիւյիւքանըթ, զինուորական հարցերու կարգին, պիտի արծարծէ Թուրքիոյ համար շատ կարեւոր հարցեր, ինչպէս հիւսիսային Իրաք ապաստանած Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան դէմ պայքար, Իրաքի ու Քէրքուքի հարցերը եւ անշուշտ Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւի հարցը։
Աւելցնենք, որ Կիւլ Անգարա վերադարձին, ակնարկելով Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւին յայտարարեց, թէ ատիկա «տեղական» հարց է որ իրաւունք չունի թունաւորելու Թուրքիոյ ռազմավարական յարաբերութիւնները: Ան աւելցուց, որ բանաձեւի ընդունումը կանխելու նպատակով, նախագահ Ճորճ Պուշ կը պատրաստուի նամակ գրել Քոնկրէսին, իսկ պետական քարտուղար Քանտըլիզա Ռայս հանդիպումներ պիտի ունենայ քոնկրէսականների հետ:
«Քոնկրէսականները նախ պէտք է մտածեն ԱՄՆի շահերու մասին: Փաստօրէն կացութիւնը այնպիսին է, որ մէկ կողմէ միասին պիտի աշխատինք Աֆղանիստանի, Իրաքի կայունութեան համար, միասին պիտի պայքարինք ահաբեկչութեան դէմ, միասին նախագիծեր պիտի իրականացնենք ուժանիւթի մարզէն ներս, իսկ միւս կողմէ այդ բանաձեւը պիտի ընդունուի: Այդ չի կրնար ըլլալ: Եւ ես կը հաւատամ, որ ԱՄՆ կառավարութիւնը կը միջամտէ եւ Քոնկրէսին կը զգուշացնէ, որ անոր գործունէութիւնը վտանգի տակ կը դնէ ԱՄՆ ազգային ապահովութեան շահերը», ըսաւ Կիւլ: