ՊԱՔՈՒ.- Ատրպէյճանցի քաղաքագէտ եւ նախագահի նախկին խորհրդական Վաֆա Կիւլիւզատէ կը հաւատայ, որ Ատրպէյճան ՄԱԿի 62րդ Ընդհանուր ժողովի շրջանակներուն մէջ պէտք է յստակօրէն արծարծէ Ղարաբաղի տագնապին Ռուսիոյ միջամտութեան հարցը:
Հարցազրոյցի մը ընթացքին Կիւլիւզատէ ըսաւ. «Մոսկուա երբեք չէ պահած Ատրպէյճանը բռնակցելու իր ցանկութիւնը եւ այդ նպատակին համար պատրաստ է որեւէ սադրանքի: Իմ կարծիքս այն է, որ Մոսկուա հերթական արկածախնդրութեան կը ձեռնարկէ հայերու ձեռքերով, եւ այդ ծրագիրները խափանելու համար, անհրաժեշտ է, որ մեր երկրի ղեկավարութիւնը զանոնք ներկայացնէ միջազգային հանրութեան: Ես կը հաւատամ, որ ժամանակն է, որ մենք ամբողջ աշխարհին յայտարարենք, թէ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի ետին Ռուսիան կանգնած է», յայտարարած է ան:
«Ցանկալի է, որ Թուրքիա, Ատրպէյճանի հետ իր ունեցած համաձայնագիրներուն հիման վրայ, Նախիջեւան ուղարկէ երկու զօրամաս եւ զանոնք ուղղէ Հայաստանի մէջ գտնուող ռուսական ռազմակայաններու կողմը: Ինչո՞ւ Ռուսիա կրնայ Գիւմրիի մէջ խարիսխներ ունենալ, իսկ Թուրքիան՝ ոչ: Իրադրութիւնը օրէ օր կը բարդանայ, եւ մեր ղեկավարութիւնը պէտք է անմիջական քայլեր առնէ մեր անկախութեան պաշտպանութեան համար: Պէտք է կարելի եղածին չափ արագ պայմանաւորուիլ ՆԱԹՕի, Թուրքիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու հետ, քանի դեռ հնարաւորութիւնը կայ», ընդգծած է ան: