ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ապտալլա Կիւլ կը շարունակէ իր հանդիպումները Ուաշինկթընի մէջ, իր ամերիկացի խօսակիցներուն փոխանցելով սպառնական պատգամներ՝ ինչ կը վերաբերի Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւին:
Ըստ Կիւլի, եթէ Քոնկրէսը քուէարկէ ի նպաստ այս բանաձեւին, այդ պարագային մեծ վնաս պիտի հասնի թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններուն:
Ուաշինկթընի մէջ, Կիւլ տեսակցութիւն ունեցաւ քոնկրէսական Ճան Մըրթայի հետ, որ նախագահն է պաշտպանութեան ենթայանձնախումբին, ինչպէս նաեւ Ներկայացուցիչներու տան մեծամասնութեան ղեկավար Սթենի Հոյըրի (Դ., Մերիլենտ) հետ: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը իր զոյգ խօսակիցներուն փոխանցեց, որ բանաձեւի Քոնկրէս բերուիլը նոյնիսկ, պիտի վնասէ երկկողմանի յարաբերութիւններուն:
Աւելի ուշ, Կիւլ տեսակցեցաւ քոնկրէսական Ռապըրթ Ուեքսլըրի հետ, որ Թուրք-ամերիկեան բարեկամութեան խմբակի համանախագահն է, ինչպէս նաեւ Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութեանց յանձնաժողովի նախագահ Թոմ Լանթոսի հետ:
Յիշեցնենք, որ Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւը նախ պիտի դրուի նշեալ յանձնաժողովի նիստին, եւ հոն վաւերացուելէ ետք է, որ պիտի յղուի Ներկայացուցիչներու տան լիագումարին՝ առ ի քննարկում եւ վաւերացում:
Երկուշաբթի երեկոյեան, Կիւլ մէկուկէս ժամնոց հանդիպում մը ունեցած էր հրէական 8 կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու հետ եւ անոնցմէ օգնութիւն խնդրած՝ Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւին դէմ Թուրքիոյ մղած արշաւին մէջ: Երկու կողմերը նաեւ քննած էին Իսրայէլ-Թուրքիա յարաբերութիւնները եւ Թուրքիոյ մէջ հրէական համայնքին առնչուող հարցեր: