ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ որոշած է զօրակցիլ Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի ընտրութիւններուն իր թեկնածութիւնը դրած Արտի Քասախեանի ընտրապայքարին, նկատի ունենալով հայութեան իրաւունքներուն շարունակաբար նեցուկ կանգնելու՝ անոր կեցուածքը։
«Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբը հպարտութեամբ նեցուկ կը կանգնի Արտի Քասախեանի ընտրապայքարին, ոչ միայն անոր հայանպաստ աննկուն կեցուածքներուն, այլ նաեւ Կլենտէյլի մէջ բազմակարծութեան նեցուկ կանգնելու՝ անոր կեցուածքին համար», յայտնեց Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբը ատենապետ Լուսի Պետրոսեան՝ կոչ ընելով՝ 5 Մարտին տեղի ունենալիք նախնական ընտրութիւններուն անոր ի նպաստ քուէարկել։
Արտի Քասախեան ծնած է Պոսթըն, 1976ին. 1985ին ան իր ընտանիքին հետ հաստատուած է Կլենտէյլ՝ յաճախելով քաղաքի հանրային վարժարանները, իսկ համալսարանական ուսումը ստացած է Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղէն՝ Պսակաւոր արուեստից վկայական ստանալով պատմութեան ճիւղին մէջ։ Ան հանրային քաղաքականութեան եւ վարչութեան մարզին մէջ Մագիստրոսի վկայականին արժանացած է Իլինոյի «Նորթուեսթըրն» համալսարանէն։ Քաղաքական ասպարէզին նկատմամբ անոր հետաքրքրութիւնները սկսած են զարգանալու համալսարանական տարիներուն: Ան 2001էն 2004 եղած է Արեւմտեան Ամերիկայի Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբի վարիչ գործավարը: Քասախեան առաջին անգամ 2005ին ընտրուած է Կլենտէյլ քաղաքի քարտուղար՝ հանդիսանալով այդ պաշտօնը ստանձնող ամէնէն երիտասարդ անձը: Ան 2020ին ընտրուեցաւ Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ եւ 2022-2023 տարեշրջանին ստանձնեց քաղաքապետի պաշտօնը։