ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի եւ Իրանի ազգային գրադարաններու միջեւ, Իրանի մէջ, կնքուած է գործակցութեան յուշագիր: Հայկական կողմէն յուշագիրը ստորագրած են ազգային գրադարանի տնօրէն Դաւիթ Սարգսեան եւ Խնկօ Ապօր անուան ազգային մանկական գրադարանի տնօրէն Ռուզան Տօնոյեան:
Յուշագիրով կը նախատեսուի գիրքերու փոխանակութիւն, մասնագէտներու վերապատրաստման նպատակով փոխադարձ այցելութիւններ, խորհրդակցութիւններու եւ գիտաժողովներու կազմակերպում. «Առաջիկայում հնարաւոր է նաեւ գրադարանային ֆոնտերի պահպանման նպատակով թուայնացման աշխատանքների հետ կապուած արհեստագիտական եւ տեղեկատուական աջակցութիւն: Համատեղ կը կազմակերպենք միջոցառումներ, ցուցահանդէսներ», նշեց Ռ. Տօնոյեան:
Իրանի նախագահի մշակութային խորհրդական Ալի Աքպար Աշարի հետ հանդիպման ընթացքին քննուած են նաեւ շարք մը խնդիրներ՝ երկու երկիրներուն միջեւ տեղեկատուութեան փոխանակման, գրադարանային գործառոյթներու, արհեստագիտական գործակցութեան, բազմաբնոյթ մատենագիտական տեղեկատուութիւն կազմելու վերաբերեալ:
Իրան այցի ծիրէն ներս, Հայաստանի գրադարանների տնօրէնները հանդիպած են Իրանի մշակութային գործիչներուն հետ, այցելած են շարք մը մշակութային կեդրոններ: