ԱՆԹԻԼԻԱՍ. – Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան բազմակողմանի առաքելութիւնը անցնող քանի մը տարիներուն առաւել եւս շեշտուեցաւ կրթական, կրօնական, հայեցի դաստիարակութեան ու հայագիտական հրատարակութիւններու բնագաւառէն ներս։ Մօտաւոր անցեալին, Անթիլիասի հովանաւորութեամբ կազմակերպուած սեմինարները եւ սփիւռքահայ զանազան գաղութներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցած կրթական համագումարները, ուսումնական խորհուրդներու հանդիպումները եւ կրօնական ու հայեցի դաստիարակութեան զարգացման զարկ տալու ճիգերը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դիմաց բացին նոր հեռանկարներ։
Սփիւռքի ուսումնական համակարգը եւ հայագիտական նիւթերու դասաւանդման դրութեան կազմակերպումը, ինչպէս նաեւ մշակութային ու գիտական համագումարներու կայացումը հայապահպանման ազդակներ են յատկապէս օտար միջավայրի մէջ ու օտարներու հետ ամէնօրեայ շփման իրողութիւնը նկատի ունենալով։
Առ այդ, Արամ Ա. կաթողիկոսի հայրապետական պաշտօնագրով եւ Ազգային կեդրոնական վարչութեան համաձայնութեամբ, կաթողիկոսարանէն ներս հաստատուեցաւ յատուկ գրասենեակ, վերոյիշեալ աշխատանքներուն համակարգումը կատարող։
Գրասենեակին վարիչ նշանակուած է լիբանանահայ յայտնի մտաւորական եւ գրող տիար Սարգիս Կիրակոսեան, որ միաժամանակ պիտի ստանձնէ Դպրեվանքի հայերէնի ու գրականութեան դասաւանդումի ամբողջական պատասխանատուութիւնը։
Հրատարակչական, յարաբերական, քարոզչական ու կազմակերպչական մարզերու մէջ հետեւողականօրէն պիտի դասաւորուին տարեկան համագումարներն ու կրթական եւ ուսումնական կեանքին հետ առնչուող հրատարակութեանց վերահսկողութիւնը։