ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- Հադրութի շրջանի Առաջամուղ գիւղը կը վերականգնուի «Թիւֆէնքեան» բարեսիրական հիմնադրամի (ԹԲՀ) ԼՂՀ մասնաճիւղի կողմէ:
Ըստ մասնաճիւղի փոխտնօրէն, գործարար ծրագիրներու ղեկավար Էտուարտ Գրիգորեանի, ԼՂի մէջ հիմնադրամը կը գործէ սահմանամերձ գիւղերը վերականգնելու եւ վերաբնակեցնելու նպատակով:
Առաջամուղի վերականգման աշխատանքները սկսած են 2003ին: Գիւղին մէջ կառուցուած է 18 տուն, որոնք արդէն բնակեցուած են: Անոնք 3-4 սենեակնոց առանձնատուներ են՝ կառուցուած միջազգային չափանիշներուն համապատասխան:
Իւրաքանչիւր տարի նախատեսուած է կառուցել 6 տուն՝ 25 հազարական տոլար արժէքով, առանձնատուներու թիւը կը նախատեսուի հասցնել 40ի՝ նախատեսուած 200 բնակիչի համար:
Այժմ գիւղին մէջ կը կառուցուի դպրոց մը Լոս Անճելըսի Հայ կրթական հիմնարկութեան ֆինանսաւորումով, որ պիտի սկսի գործել 2007ի Սեպտեմբերին: ԼՂՀ կառավարութեան հետ համատեղ նախատեսուած է գիւղի վարչական եւ մշակոյթի տուներու կառուցումը:
Նշենք, որ ԹԲՀը վերականգնողական եւ վերաբնակեցման ծրագիրներ կ’իրականացնէ նաեւ Քաշաթաղի շրջանին մէջ, եւ գիւղերը կը բնակեցուին Ատրպէյճանէն տեղահանուած հայ փախստականներով: Այստեղ հիմնադրամի հետ միասին կրթական ծրագիրներ կ’իրագործէ Հայ կրթական հիմնարկութիւնը, իսկ Հ.Բ.Ը.Մ.ը մտադրութիւն յայտնած է նման գիւղ մը եւս կառուցել այս շրջանին մէջ: