ՄՈՍԿՈՒԱ, «Ռոյթըրզ», «Ռիա Նովոսթի».- Պատասխանելով լրագրողներու հարցումներուն, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 23ին յայտարարեց, թէ Ռուսիա նպատակ չունի Վրասատանի հետ օդային, ցամաքային ու ծովային ճամբաները մօտիկ ապագային վերաբանալու:
Անցնող շաբաթավերջին Մոսկուա այցելած Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Քանտըլիզա Ռայս կոչ ըրած էր Քրեմլինի իշխանութեանց, որ Վրաստանի հետ տագնապը մեղմացնելու նպատակով անմիջական քայլերու դիմեն ու իրենց կարելին ընեն, որպէսզի շրջանին մէջ ստեղծուած լարուածութիւնը մեղմանայ:
Յայտնենք, թէ տագնապը ծագած էր, երբ վրացական իշխանութիւնները չորս ռուս սպաներ ձերբակալած էին ու զանոնք ամբաստանած էին լրտեսութեան յանցանքով: Աւելի ուշ սպաները ազատ արձակուեցան:
Իր կարգին, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Եւրոպական միութեան ղեկավարներու հետ անցնող շաբաթավրջին իր ունեցած խորհրդակցութեանց ընթացքին շեշտած էր, թէ Վրաստան անտեղի արիւնահեղում պիտի պատճառէ, եթէ փորձէ Վրաստանէն անկախութիւն հռչակած Աբխազիան ու Հարաւային Օսէթիան զէնքի ուժով իրեն վերամիացնել: