ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ, «Ռոյթըրզ».- Հակառակ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճորճ Պուշի կողմէ կատարուած Իսրայէլ-պաղեստինեան բանակցութիւնները վերաշխուժացնելու կոչին, Իսրայէլի իշխանութիւնները Երեքշաբթի, Յուլիս 17ին յայտարարեցին, թէ այս հանգրուանին պատրաստ չեն գլխաւոր հարցերով բանակցութեանց սեղան նստելու պաղեստինցիներուն հետ:
Անոնք շեշտեցին, թէ ներկայ հանգրուանին կարելի չէ քննել պաղեստինեան ապագայ պետութեան սահմաններու հարցը, պաղեստինցի գաղթականներու եւ արեւելեան Երուսաղէմի պատկանելիութեան հարցերը, մինչ նախագահ Պուշ Երկուշաբթի օր յայտնած էր, թէ «լուրջ բանակցութիւններ պէտք է սկսին, որոնք պէտք է առաջնորդեն պաղեստինեան պետութեան մը հիմնադրութեան»:
Միւս կողմէ, Երուսաղէմի մէջ պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի հետ Երկուշաբթի օրուան իր հանդիպումին ընթացքին, Իսրայէլի վարչապետ Էհուտ Օլմերթ խոստացաւ 250 պաղեստինցի գերիներու ազատ արձակման հարցը արագացնել: Սակայն Օլմերթ մերժեց Ապպասի խոստում մը տալ, թէ իսրայէլեան ուժերը պաղեստինեան շրջաններ պիտի չներխուժեն:
Օլմերթի մօտիկ աղբիւրներ յայտնեցին, որ հաւանաբար յառաջիկայ Ուրբաթ ազատ արձակուելիք պաղեստինցի գերիներուն 85ը անդամ է «Ֆաթհ»ի, իսկ մնացեալը՝ պաղեստինեան այլ կազմակերպութեանց: Իսրայէլի վարչապետը Յունիս 25ին խոստացած էր 250 պաղեստինցի գերի ազատ արձակել:
Երկու ղեկավարները նաեւ քննարկած են Կազայի մէջ տիրող կացութիւնը եւ համաձայնած են երկու շաբաթ ետք Երիքովի մէջ դարձեալ հանդիպիլ:
Իր կարգին, պաղեստինեան «Համաս» շարժումի քաղաքական գրասենեակի նախագահ Խալէտ Մեշաալ խոստովանեցաւ, թէ «Համաս» Կազայի բախումներուն ընթացքին սխալներ գործած է, սակայն դարձեալ կոչ ըրաւ, որ այդ դէպքերէն ծագած տարակարծութիւնները լուծուին երկխօսութեամբ: Մեշաալ Քաթարի մայրաքաղաք Տոհայի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ շարժումը պատրաստ է այդ սխալներուն համար ներողութիւն խնդրելու: