ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ռոյթըրզ».- Հակառակ երկիրին մէջ տիրող սաստիկ ցուրտին՝ հազարաւոր լիբանանցի քաղաքացիներ կը շարունակեն մասնակցիլ վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի կառավարութեան դէմ հռչակուած բաց նստացոյցին, Պէյրութի Ռիատ Սոլհի եւ Նահատակաց հրապարակներուն վրայ։
Յաջորդական 28րդ օրը ըլլալով ցուցարարները Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 28ին դարձեալ պահանջեցին վարչապետին պաշտօնազրկումը, ինչպէս նաեւ սովորական ընթացքով շարունակեցին իրենց յետմիջօրէի քաղաքական եւ գեղարուեստական յայտագիրները։
Նկատառելի էր այն երեւոյթը, որ քաղաքացիներուն թիւը Չորեքշաբթի օր համեմատաբար շատ աւելի էր նախորդ օրերէն՝ հակառակ աննպաստ կլիմային եւ անձրեւին։
Ակնյայտ էր նաեւ այն իրականութիւնը, որ ընդդիմադիր ուժերուն զօրակցող քաղաքացիները աւելի լուրջ կը մօտենան բաց նստացոյցին՝ նկատի ունենալով ընդդիմութեան տուած այն որոշումը, թէ տօնական օրերէն ետք ընդդիմադիր ուժերը պիտի դիմեն մագլցողական քայլերու, որոնց մասին որոշ յայտարարութիւններ շրջանառութեան մէջ դրուած են, սակայն ցարդ անոնցմէ ոչ մէկը կարելի եղած է հաստատել։