Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտնեց, որ Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի նախագահներ Վլատիմիր Փութինի եւ Իլհամ Ալիեւի կանոնաւոր գաղտնի կապերը ընդհանուր երանգ տուած են Ռուսիա-Ատրպէյճան յարաբերութիւններուն, որոնց կարգին՝ առեւտրական-տնտեսական եւ արդիւնաբերական համագործակցութեան:
Ըստ «Թասս»ի՝ ան այս մասին խօսեցաւ՝ մեկնաբանելով 2023ին ԱՊՀի անդամ երկիրներուն հետ յարաբերութիւններու զարգացման արդիւնքները, նաեւ՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հետ:
«Հակառակ յայտնի քաղաքական դժուարութիւններուն, ինչպէս նաեւ արեւմտեան երկիրներու` Հայաստանի հետ Ռուսիոյ յարաբերութիւններուն մէջ «սեպ խրելու» յամառ փափաքին, Երեւանի հետ կապերը պահպանուած են բոլոր մակարդակներու վրայ», ընդգծեց Զախարովա: