ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- «Համազգային»ի Կեդրոնական վարչութեան կազմակերպած հաւաքի մասնակիցները այցելեցին Արցախ եւ ընդունուեցան Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանի կողմէ, նախանցեալ օր:
Հաւաքին կը մասնակցին սփիւռքահայ ուսանողներ Ֆրանսայէն, ԱՄՆէն, Կիպրոսէն ու Լիբանանէն: Խումբի ղեկավար Զեփիւռ Օհաննէսեան յայտնեց, թէ այցելութեան նպատակը հայրենիքէն հեռու ապրող երիտասարդներու հոգիին մէջ հայկականութիւնը արմատաւորելն է:
Ողջունելով սփիւռքահայ երիտասարդները, Աշոտ Ղուլեան կարեւոր համարեց անոնց այս նախաձեռնութիւնը: Ան, անդրադառնալով Արցախի մէջ վերջերս կայացած նախագահական ընտրութիւններուն, ընդգծեց, որ Սփիւռքի երիտասարդները հպարտանալու առիթ ունին, որովհետեւ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ ԼՂՀի մէջ ամէն ինչ կը կատարուի ժողովրդավարութեան սկզբունքներով: ԼՂՀ ԱԺ նախագահը նշեց, որ հայ ազգի միասնութեամբ միայն մենք կրնանք յաղթանակներ տօնել:
Հանդիպման մասնակիցները, իրենց կարգին, հետաքրքրուեցան Արցախի արտաքին քաղաքականութեամբ, բանակի մարտունակութեամբ, կրթական բնագաւառով ու վերաբնակեցման ծրագրով:
ԼՂՀ ԱԺ նախագահը երիտասարդներուն նուիրեց տեսաերիզներ Արցախի մասին:
Մեր կողմէ աւելցնենք, թէ խումբի ղեկավար Զեփիւռ Օհաննէսեան Օրէնճ Քաունթիէն է եւ «Ասպարէզ»ի մանկական էջին պատասխանատուն: