Հոկտեմբեր 21, 2006ը Ֆրեզնոյի մշակութային կեանքին մէջ պիտի յիշուի որպէս անկիւնադարձային օր: Արդարեւ այդ օր «պայթեցաւ» այն անակնկալը՝ շուրջ 40 անդամներէ բաղկացող այս կոկոն պարախումբը, որ իր ելոյթը ունեցաւ 500 աթոռնոց Fresno Veterans Auditorium-ի մէջ: Սրահը լեցուն էր պատէ պատ, որոշեալ ժամը 7էն իսկ առաջ:
40 թիւը պատմութեան մէջ ունեցած է յաջողութեան բնորոշում մը, ինչպէս Դաւիթ Բէկի 40 քաջերու յաղթանակը Իւչ Թէփէի վրայ, կամ Ալի Պապայի 40 խենթուկներու ասպատակութիւնները եւլն…
«Համազգային»ի վարչական անդամ Մարօ Մագարտեան բացման խօսքով սկսաւ ներկայացումը, որ կը բաղկանար երկու մասէ, իւրաքանչիւրը՝ 12 պարային գործերով, ինչպէս՝ Եղեգ, Արցախ, Ղարաբաղի եղնիկ, Ճկոյտիկ (շատ գողտրիկ, ճկոյտ մատի անհաւասար պայքարը եւ օգնութիւնը միւս մատերուն), եւ անշուշտ Արա Գէորգեանի Եղեռն (Տլէ Եաման) իր արդիական շարադրութեամբ, առանց որուն անկարելի է երեւակայել պարային արտայայտութեան երեկոյ մը, որովհետեւ հին սերունդի ցաւալին կը շաղկապէ նորի յաղթանակի լաւատեսութեան հետ:
Առաջին իսկ պարէն յայտնի դարձաւ, որ բոլոր պատրաստութիւնը լուրջ եւ մասնագիտացած աշխատանքի մը արդիւնքն էր: Ըլլայ ան պատմութիւնը «Համազգային»ի 4 տիտաներու՝ Աղբալեանի, Օհանջանեանի, Շանթի եւ Իփէկեանի դերն ու տեսիլքը՝ ապագայ սերունդներու մէջ հունտը ցանելու եւ կամ՝ քնքուշ եւ դիւրաբեկ աղջնակի մը շարժումները, անվստահ, բայց քաջ:
Սահիկներու եւ ընկերացող երաժշտութեան ընտրութիւնը այնքան համաչափ էին, որ բարձրախօս սարքերը ուրիշ ճար չունէին, բացի զանոնք մեր ականջներուն հասցնել՝ ճիշդ չափով, մանաւանդ ամենաթաւ նոթերը:
Այս կէտը չենք կարող անտեսել, որովհետեւ անցեալի մէջ ականատես եղած ենք պարային ներկայացումներու, ուր երաժշտութեան քանակը (ճչոցը) խանգարած է անոր որակը: Իւրաքանչիւր պարէ վէրջ քերթուածք մը արտասանեց մեծ, խորունկ ապրումով եւ հարազատ, սրտագին, անմեղ եւ անկեղծ արտայայտութեամբ՝ Մարգարիտ Իճեան: Այս տարազը, ըլլալով արտասովոր, լիովին հմայեց ներկաները, պահելով ոմանք աթոռին եզերքը («ի՞նչն է յաջորդը» ակնկալութեամբ եւ յոյսով):
Գրեթէ բոլոր բանաստեղծութիւններն ու պարերը ծանօթ էին մեծամասնութեան, բայց անոնց ներկայացումը, գոյները, լոյսերն ու ձայներն էին իւրայատուկ, այս իսկ պատճառով բոլորն ալ նորութիւն թուեցան:
Խումբի իւրաքանչիւր անդամ, փոքրիկէն մինջեւ պատանի-պարմանուհի, իր մասնաւոր անձնական դրոշմը բերաւ, բազմաթիւ անգամ արտասանուած, երգուած եւ պարուած կտորի մը, ըլլայ այն գլուխ գործոց կամ ոչ:
Մարգարիտ («Ես իմ անուշ Հայաստանի արեւահամ բառն եմ սիրում»): Արեւահամ. այն տիեզերական համը, բոլոր համերու գերագոյնը, զոր միայն Հայաստան բառն ու հողը կը պարունակեն: Եւ կատարողութեամբ նազելաճեմ Նունէ Ղազարեանի, Ղարաբաղի եղնիկ, իր ազատ, բարձր սլացքով, ինչպէս է ինքնին Ղարաբաղը:
Տեսնելով եւ լսելով այս սքանչելիքները, այսօր, հանդիսատեսը սորվեցաւ հնչել «կատարեալ» բառը, այսինքն հոմանիշը՝ «Համազգային»ի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղի նորաբոյս պարախումբի ձեռնարկին: Նաեւ բախտաւորութիւն կարելի է համարել, որ այս խումբը ունի պարուսոյց-ղեկավար Կարինէ Յովհաննիսեանի նման մասնագէտ, նուիրուած եւ մեծ համբերութիւն ունեցող անձ մը, որ հանդէսի աւարտին, ողողուած շնորհակալութեան ծաղկեփունջերով, դժուարութեամբ կարողացաւ զսպել իր յուզմունքը, ի տես յաջողութեան 24 պարերէ բաղկացած այս խոշոր գործին:
Եւ ահա աւա՜ղ, ամէն գեղեցիկ պահ ունի իր վերջը: Հանդէսի աւարտին բաժանումի րոպէին, վկայեցինք ներկայութիւնը այդ հրաշալի Computerized մեքենաներուն, որոնք մասնագէտներու կողմէ գործածուած էին երաժշտական ընկերակցութիւնը իրականացնելու: Շնորհիւ անոնց, ըմբոշխնեցինք ամենաբարձր նոթերն ու մանաւանդ ամենաթաւը:
Բայց ոչ, սա բաժանում չէ, սա ցտեսութիւն է, մենք արդէն կը տեսնենք երկրորդ, հինգերորդ ու տասներորդ հանդէսները, շարուած կարգով, զինուորի պարտաճանաչութեամբը հայ մշակոյթի զինուորի…
Շնորհաւորութիւն՝ լռութեամբ աշխատող պարի յանձնախումբին, վարչութեան եւ միութեան բոլոր անդամներուն, որոնց առանց պայմանի աշխատանքն ու նուիրումը ապահովեց այդ երեկոյի յաջողութիւնը:
Մտքի յղացումէն մինչեւ բեմադրութիւն, երկա՜ր ճամբայ է: Ամիսներու ճամբայ, լեցուն փշոտ պահերով ու փորձերով: Հազար պռաւօ միտքը յղացողներուն եւ իրականացնողներուն:
Մեր խանդավառութիւնը, որ շատոնց արթնցած էր այլ, շատ սիրելի պարախումբի մը բազմիցս Ֆրեզնօ այցելութիւններէն, այսօր կարմիր գծի մը նման կը շարունակուի, եւ յստակ կը թուի, որ եթէ այս պարախումբը առաջին մեծ ելոյթին այսքան փայլուն է, հապա ուրեմն ան ինչքա՞ն աւելին պիտի տայ մեզի՝ յայտնի ապագային: