«Համազգային»ի Ուսանողական 13րդ հաւաքի բացումը տեղի ունեցաւ 15 Յուլիս, 2007ին, Երեւանի մէջ։
Սկզբնական օրերուն այս հաւաքը կը կազմակերպուէր Պէյրութի «Նշան Փալանճեան» ճեմարանէն ներս, սակայն հետագային Լիբանանի քաղաքական եւ ապահովական պարզած վիճակին պատճառով, հաւաքի վայրը փոխադրուեցաւ Հայաստան. ասիկա վեցերորդ տարին է, որ կը կազմակերպուի Հայաստանի մէջ։
70 ուսանողներ աշխարհի չորս ծագերէն (ԱՄՆ, Ֆրանսա, Աւստրալիա, Կիպրոս, Լիբանան, Սուրիա, Հայաստան) հաւաքուած են, ծանօթանալու թէ՛ իրարու հետ եւ թէ հայրենիքի շունչն ու ոգին ըմբոշխնելու։ Հաւաքի առաջին օրն իսկ, անոնք այցելեցին Երեւանի պետական համալսարան եւ հանդիպում ունեցան համալսարանի տեսուչ փրոՖ. Արամ Սիմոնեանի հետ, որ իր կարգին բացատրեց համալսարանի կառոյցը եւ աշխատելաձեւը։ Ապա ուսանողները տեսուչին ընկերակցութեամբ այցելեցին համալսարանի գրադարան եւ այլ բաժանմունքներ։
Երեւանի պետական համալսարանէն ետք խումբը ուղղուեցաւ Երեւանի Ամերիկեան համալսարան, հոն եւս հանդիպումներ ունեցան պատասխանատուներուն հետ։
Այսպիսով յառաջիկայ 14 օրերու ընթացքին, անոնք պիտի այցելեն Հայաստանի տեսարժան վայրեր, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, հանդիպումներ պիտի ունենան հայ մտաւորականութեան հետ, պիտի ունկնդրեն պատմամշակութային թեմաներով դասախօսութիւններ եւ իրենց տարեկից հայաստանաբնակ ուսանողներուն հետ պիտի քննարկեն ժամանակակից հայ երիտասարդութիւնը յուզող զանազան հարցեր։