ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի հանրային հեռատեսիլի Փետրուար 4ի համահայկական գրական հիմնադրամի թելեթոնին գոյացած է 140 հազար տոլարի չափով (տոլար, դրամ, եուրօ) գումար, որ պիտի ծառայէ արդի հայ գրականութեան զարգացման խթանման խնդիրներուն:
Դրամահաւաքին մասնակցած են Հայաստանի եւ արտերկիրի հայրենակիցներ եւ զանազան խմբակներ: Ամենամեծ նուիրատուութիւնը կատարած է Ռուսիոյ Հայերու միութեան նախագահ Արա Աբրահամեան՝ 50 հազար տոլար: Բացի այդ, ան եւս 18 հազար տոլար յատկացուցած է գրական մրցանակներու համար: Նուիրատուութիւններ կատարած են Երեւանի պետական համալսարանը, Ալավերդիի մետաղամշակման գործարանը, Ծաղկաձորի գրողներու ստեղծագործական տունը, ոստիկանութիւնը, այլ հաստատութիւններ եւ անհատներ: