ՄՈՍԿՈՒԱ, «Ռոյթըրզ».- Ուրբաթ, Նոյեմբեր 17ին, ռուսական «Քոմերսանթ» թերթին մէջ լոյս տեսած հարցազրոյցով մը, Վրաստանի խորհրդարանի նախագահ Նինօ Պուրճանածէ կը սպառնայ վէթօ դնել Համաշխարհային առեւտուրի կազմակեպութեան անդամակցելու Ռուսիոյ փորձերուն:
Պուրճանածէ կը բացատրէ, թէ յիշեալ կազմակերութեան գլխաւոր նպատակն է ազատ առեւտուրի ապահովում, «սակայն Ռուսիա այդ սկզբունքը կ’աշխատի խախտել՝ Վրաստանի դէմ շրջափակում հաստատելով»:
Համաշխարհային առեւտուրի կազմակեպութեան անդամակցելու իր ջանքերուն մէջ, Ռուսիա վերջերս կրցած էր Միացեալ Նահանգներու պայմանական աջակցութիւնը ապահովել: