ԿԱԶԱ, «Ռոյթըրզ».- Այսօր, Երեքշաբթի, Փետրուար 6ին Սէուտական Արաբիոյ իշխանութեանց միջնորդութեամբ իսլամներու սրբավայր Մեքքայի մէջ տեղի ունենալիք բանակցութեանց նախօրեակին, պաղեստինեան իշխանութեան վարչապետ Իսմայիլ Հանիյէ, որ անդամ է «Համաս» կուսակցութեան, յոյս յայտնեց, որ «Համաս» եւ «Ֆաթհ» կուսակցութիւններուն միջեւ համաձայնութիւն կը գոյանայ ազգային միասնութեան կառավարութիւն մը կազմելու հարցին շուրջ, որպէսզի կարելի ըլլայ վերջակէտ մը դնել միջպաղեստինեան բախումներուն:
Մեքքայի բանակցութեանց պիտի մասնակցին նաեւ պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ եւ «Ֆաթհ»ի ղեկավար Մահմուտ Ապպաս, ինչպէս նաեւ Դամասկոս հաստատուած «Համաս»ի ղեկավար Խալէտ Մեշաալ:
Կիրակի օր, «Ֆաթհ»ի ղեկավարութեան ժողովին ընթացքին «Համաս»ի նկատմամբ որդեգրուելիք ռազմավարութեան վերաբերող բանավէճը անցաւ իրարու վրայ պոռալու, կանչելու եւ հայհոյելու սահմանը, եւ ժողովականներ իրարու վրայ նետեցին… գաւաթներ ու կօշիկներ:
Արդարեւ, ժողովականներէն ոմանք պահանջեցին կարծր կեցուածք որդեգրել եւ ուժգին հարուածներ տալ «Համաս»ի, մինչ ուրիշներ պահանջեցին առիթ տալ երկու շարժումներուն ղեկավարներուն՝ Մեքքայի մէջ Երեքշաբթի օր նախատեսուած բանակցութիւններուն:
Ժողովէն ետք խորհուրդի անդամներէն Էմին Մաքպուլ յայտարարեց, որ «բոլորը համաձայն են, թէ «Համաս» երկար ատենէ ի վեր կը փորձէ իր ամբողջական հակակշիռին տակ առնել Կազան, եւ անհրաժեշտ է, որ «Ֆաթհ» դէմ դնէ անոր այս քաղաքականութեան: Ժողովականները տարակարծիք էին այս գծով որդեգրուելիք մարտավարութեան, նաեւ այն հարցին վերաբերեալ, թէ միջնորդութեան ճիգերը արդեօք օգտակա՞ր են, կամ ոչ:
Մինչ այդ սաստիկ բախումները շարունակուեցան Կազայի մէջ: Շաբաթ օր «Համաս»ի զինեալներ յարձակեցան «Ֆաթհ»ի ենթակայ ապահովական սպասարկութեանց կեդրոնատեղիի մը վրայ, իսկ «Ֆաթհ»ի զինեալները յարձակումներ գործեցին «Համաս»ի ենթակայ երկու նախարարութիւններու եւ Իսլամական համալսարանին վրայ:
Կիրակի օր, «Համաս»ի ուժերը հրթիռներով ռմբակոծեցին «Ֆաթհ»ի ենթակայ ապահովութեան ուժերու խարիսխներ՝ պատճառելով երկու զոհ:
Կազայի մէջ շաբաթավերջին գործուած վայրագութիւններու զոհերուն շարքին են չորս մանուկներ: