ԿԱԶԱ, «Ռոյթըրզ».- Մինչ արաբական երկիրներ եւ միջազգային համայնքը զուսպ մնալու կոչեր կը կատարէին, պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի «Ֆաթհ» շարժումին ու խորհրդարանական մեծամասնութիւն ապահոված «Համաս»ի զինեալներուն միջեւ բախումները սաստկացան Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 19ին, խլելով առնուազն վեց զոհ:
«Համաս»ի անդամ վարչապետ Իսմայիլ Հանիյէ Երեքշաբթի օր դարձեալ Ապպասը ամբաստանեց պետական հարուած մը ծրագրելու յանցանքով, միաժամանակ կոչ ընելով անոր, որ յարգէ պաղեստինցի ժողովուրդին կամքը:
Յայտնենք, թէ Ապպաս կանխահաս ընտրութեանց դիմելու կոչ ըրած էր Շաբաթ օր, լարուածութիւնը աւելի սրելով:
Հանիյէ աւելցուց, թէ պաղեստինեան շրջաններուն մէջ ստեղծուած կացութեան գլխաւոր պատասխանատուն ամերիկեան իշխանութիւններն են, որոնք կ’ուզեն ոտնակոխել ազատ եւ արդար ընտրութիւններով իշխանութեանց գլուխ անցած պաղեստինեան կառավարութիւնը:
Նկարին մէջ, «Ֆաթհ»ի անդամ զինեալ մը Կազայի մէջ: