ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Դեկտեմբեր 19ին կառավարութեան դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ հայագիտութեան զարգացման համալիր ծրագիր մշակող յանձնաժողովի երկրորդ նիստը, զոր վարեց յանձնաժողովի նախագահ, վարչապետ Անդրանիկ Մարգարեան:
Յանձնաժողովի առաջին նիստին ձեւաւորուած երեք աշխատանքային խումբերու ղեկավարները ներկայացուցին հայագիտութեան առանձին ուղղութիւններու զարգացման, առկայ հիմնախնդիրներու եւ անոնց լուծման միտող գործունէութեան վերաբերեալ աշխատանքային խումբերուն մէջ մշակուած առաջարկները:
Այս առաջարկները կը վերաբերին հայրենիքի եւ Սփիւռքի մէջ իրականացուող հայագիտական աշխատանքները կարգաւորող կեդրոնի, տեղեկատուական անվտանգութեան հայեցակարգի մշակման նպատակով աշխատանքային խումբի կազմաւորման, հայագիտութեան դասականներու կարեւորագոյն հետազօտութիւններու վերահրատարակման, միասնական ծրագիրներով հայագիտական անջատ նիւթերու դասագիրքերու հրատարակման, հայոց լեզուի մաքրութեան պահպանման ուղղուած միջոցառումներուն, հայագիտական նիւթերու ուսուցման կրթական չափորոշիչներու յստակացման հարցերուն:
Առաջադրուեցան նաեւ հայագէտներու նոր սերունդի ձեւաւորման նպաստելու, on-line հայկական դպրոցի հիմնադրման եւ այլ հարցեր:
Յանձնաժողովի նախագահ Անդրանիկ Մարգարեան կարեւոր համարեց հայագիտութեան զարգացման դերը ժամանակակից աշխարհի մարտահրաւէրները դիմագրաւելու, օտարներու կողմէ հայոց պատմութեան եւ մշակութային արժէքներու խեղաթիւրման համարժէք պատասխան տալու գործընթացներուն մէջ եւ ազգային անվտանգութեան տեսանկիւնէն: Այդ նպատակով յանձնարարուեցաւ յանձնաժողովի աշխատանքային խումբերու ղեկավարներուն՝ մինչեւ 2007ի Յունուար 20 կատարուած առաջարկներու հիման վրայ մշակել հայագիտութեան զարգացման հայեցակարգի նախագիծը, մէկ շաբթուան ընթացքին քննել զայն աշխատանքային խումբերուն մէջ եւ ներկայացնել յանձնաժողովի յաջորդ նիստի հաստատումին: