ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայոց Ցեղասպանութեան հարցի հրապարակայնութեան առումով անցնող տարին բացառիկ էր եւ աննախընթաց, նման գնահատական տուաւ ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Վարդան Օսկանեան Դեկտեմբեր 19ին հրաւիրուած ասուլիսի ընթացքին՝ նշանակալի համարելով նոր երկիրներու կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչումը, քննարկումներու առաւել ընդլայնումը: Ան նաեւ յայտարարեց, թէ յառաջիկայ տարուան ընթացքին եւս Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հետապնդումը պիտի մնայ առաջնահերթութիւն՝ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան մէջ:
Տարուան ընթացքին Ֆրանսայի Ազգային ժողովը ընդունեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը ժխտողներուն համար պատիժ սահմանող օրինագիծը, նմանատիպ փաստաթուղթ կը շրջանառուի Պելճիքայի եւ Հոլանտայի մէջ, Արժանթինի Ծերակոյտը ճանչցաւ Ցեղասպանութիւնը:
Նշենք, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցած եւ դատապարտած են 19 պետութիւններ, իսկ ԱՄՆի՝ մօտ չորս տասնեակ նահանգներ:
Վ. Օսկանեանի խօսքերով, 2007ին եւս Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման հարցը Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան համար առաջնահերթ պիտի ըլլայ:
Ասուլիսի ընթացքին, նախարար Օսկանեան յայտարարեց նաեւ, որ Հին Չուղայի յուշարձաններու ոչնչացման դատապարտման խնդիրը միշտ պիտի գտնուի Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան օրակարգին վրայ եւ նշեց, որ Հայաստան հետամուտ պիտի ըլլայ, որ խնդիրը դառնայ հրապարակային, կանխուին նման դէպքերը. «Այս խնդիրը վերաբերում է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղին, մեր ժողովրդի անվտանգութեանը, փոխադարձ վստահութեան հարցերին: Առանց այս հարցին պատշաճ ուշադրութիւն դարձնելու, պատճառները յայտնաբերելու եւ դատապարտելու՝ լրացուցիչ բարդութիւններ են լինելու հէնց ԼՂ գործընթացում», ըսաւ Օսկանեան եւ աւելցուց, որ Հայաստան պիտի պնդէ, առանց զուգահեռներ կատարելու ԼՂի եւ յարակից շրջաններու միջեւ, որ Եւրոխորհուրդը, ԵՈՒՆԵՍՔՕն կամ միջազգային միւս կազմակերպութիւնները իրենց առաքելութիւնները ուղարկեն Նախիջեւան: