ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Գերմանիոյ Ֆրանքֆուրթ քաղաքին մէջ կազմակերպուած գիրքի միջազգային տօնավաճառին կը մասնակցին նաեւ Հայաստանի պատուիրակները: Այս մասին յայտնեց տօնավաճառին մասնակցող գրահրատարակչական գործի գործակալութեան պետ Էտուարտ Միլիտոնեան եւ նշեց, որ տօնավաճառին գիրքեր ներկայացուցած են «Անտարես», «Զանգակ-97», «Անկիւնաքար» ընկերութիւնները եւ պետական պատուէրով շուրջ 30 հրատարակչութիւններ:
Հայաստանի հրատարակիչները ցուցահանդէսին ներկայացուցած են գեղարուեստական, մանկապատանեկան, հանրագիտարանային, պատկերագրքային եւ գիտահանրամատչելի գրականութիւն:
Ցուցահանդէսին մասնակցող հայ հրատարակիչները հանդիպումներ ունեցած են այլ երկիրներու հրատարակիչներուն, ինչպէս նաեւ գրատարած ցանցի ներկայացուցիչներուն հետ: Անոնք հիւրընկալուած են նաեւ Ֆրանքֆուրթի հայ համայնքին կողմէ: Յիշեցնենք, որ նոյն տօնավաճառին, քանատահայ նշանաւոր բեմադրիչ Աթոմ Էկոյեան արժանացած է գրական ստեղծագործութիւն մը շարժապատկերի փոխադրող լաւագոյն բեմադրիչ մրցանակին: