ԵՐԵՒԱՆ, ՀՀ Նախագահի Մամլոյ Գրասենեակ, »Արմէնփրէս«.- Նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի հրաւէրով Հոկտեմբեր 4ին երկօրեայ պաշտօնական այցով Հայաստան ժամանեց Ռումանիոյ նախագահ Թրայեան Պասեսքին:
Նախագահական նստավայրին մէջ տեղի ունեցաւ Ռումանիոյ նախագահի դիմաւորման պաշտօնական արարողութիւնը, որուն յաջորդեց նախագահներ Քոչարեանի եւ Պասեսքուի առանձնազրոյցը:
Երկու երկիրներու ղեկավարները քննեցին հայ-ռումանական յարաբերութիւններուն, եւրոպական կառոյցներու շրջանակով գործակցութեան, տարածաշրջանային խնդիրներուն առնչուող հարցեր, ինչպէս նաեւ կարծիքներ փոխանակեցին միջազգային հրատապ խնդիրներու վերաբերեալ:
Այնուհետեւ նախագահներ Քոչարեանի եւ Պասեսքուի մասնակցութեամբ տեղի ունեցան հայ-ռումանական բանակցութիւնները՝ ընդլայնուած կազմով: Քննուեցան տնտեսական գործակցութեան առաջնային ուղղութիւնները եւ անոնց աշխուժացման հնարաւորութիւնները:
Հանդիպման աւարտէն յետոյ Հայաստանի եւ Ռումանիոյ նախագահները ստորագրեցին համատեղ յայտարարութիւն: Ստորագրուեցան նաեւ միջկառավարական փաստաթուղթեր առեւտրատնտեսական կապերու եւ գիտաարհեստագիտական գործակցութեան, ներդրումներու խրախուսման եւ փոխադարձ պաշտպանութեան, ինչպէս նաեւ մշակոյթի, կրթութեան եւ գիտութեան բնագաւառներուն մէջ գործակցութեան մասին: Հայաստանի եւ Ռումանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւններուն միջեւ ստորագրուեցաւ եւրոպական եւ եւրոաթլանթեան գործակցութեան մասին յուշագիր:
Հայաստանի եւ Ռումանիոյ նախագահները հանդէս եկան նաեւ համատեղ մամուլի ասուլիսով:
Նոյն օրը Ռումանիոյ նախագահի գլխաւորած պատուիրակութիւնը այցելեց Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր: Ռումանիոյ նախագահին կ’ուղեկցէին փոխադրութեան եւ կապի նախարար Անդրանիկ Մանուկեան, ԱԳՆ փոխնախարար Գեղամ Ղարիբջանեան, Երեւանի փոխքաղաքապետ Կամօ Արէեան:
Նախագահ Պասեսքին ծաղկեպսակ զետեղեց 1.5 միլիոն զոհերու յիշատակը յաւերաժացնող յուշակոթողին: Ցեղասպանութեան թանգարանի տնօրէն Լ. Բարսեղեանի ուղեկցութեամբ ան ծանօթացաւ իրագործուած ոճրագործութիւնները ապացուցող վաւերագիրներուն:
Թանգարանի յուշամատեանին մէջ Ռումանիոյ նախագահը գրառեց »Ի յիշատակ« մակագրութիւնը:
Ռումանիոյ նախագահը նաեւ եղեւնի տնկեց Յիշողութեան պուրակին մէջ: