ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Կեդրոնական դրամատունը որոշած է Շուշիի մէջ մասնաճիւղ մը հաստատել, յայտնեց դրամատան նախագահ Տիգրան Սարգսեան եւ նշեց, որ այդ մասնաճիւղը պիտի ունենայ դրամապահոց, որ պիտի ապահովէ դրամային շրջանառութեան անվտանգութիւնը:
Տրուած ըլլալով, որ հայկական դրամը նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մէջ պաշտօնական դրամանիշ է, կառավարութիւնը եւ Կեդրոնական դրամատունը նպատակայարմար համարեցին Շուշիի մէջ անկախ, ինքնուրոյն կառոյց ունենալ եւ ԼՂՀի մէջ կուտակել պահեստներու որոշ մասը, աւելցուց Տիգրան Սարգսեան: