Կիրակի, Յուլիս 29ի երեկոյեան ժամը 7-10:15, Հոլովուտի աշխարհահռչակ «Հոլիվուտ պոլ» ամփիթատրոնին մէջ տեղի ունեցաւ իր տեսակին մէջ իւրայատուկ համերգ մը, հայկական ժողովրդական, գուսանական եւ արդի երգ-երաժշտութեան ու պարի ներկայացումով՝ բացօթեայ ամփիթատրոնի մօտաւորապէս 14,000 հանդիսատեսներուն փոխանցելով Հայաստանի շունչը:
Ձեռնարկը կազմակերպուած էր ձայնասփիւռի KCRW կայանին եւ Լոս Անճելըսի Ֆիլհարմոնիք ընկերակցութեան կողմէ:
Ձեռնարկին բացումը կատարեց նշեալ կայանէն Թամ Շնէյպըլ, ապա բեմին վրայ իրարու յաջորդեցին հայկական երգ, պար եւ երաժշտութիւն՝ կատարողութեամբ Winds of Passion դուդուկի համոյթին, Ալեքսանդր եւ Արաքս Կարապետեաններու, դաշնակահար Վաչէ Մանկրեանի, աշխարհահռչակ դուդուկահար Չիւան Գասպարեանի ու անոր թոռ՝ Չիւան Գասպարեան կրտսերի, Սիլվա Յակոբեանի, Յովհաննէս Շահբազեանի, Գագիկ Բադալեանի, Ատիսի, Էնտիի, Սագոյի, Յարութ Յակոբեանի, ինչպէս նաեւ Element խումբին եւ «Զուարթնոց» եւ «Վարդան ու Սիրանոյշ Գէորգեան» պարախումբերուն:
Հայ եւ օտար հանդիսատեսը ամբողջ երեք ժամ վայելեց հայկական երգ-երաժշտութեան բազմաշերտ համադրում մը, որ եթէ մէկ կողմէ կը ձգտէր բազմատեսակ ճաշակներու գոհացում տալ, միւս կողմէ սակայն անվիճելիօրէն որակաւոր կտորներու վայելք մը ընծայեց բազմահազար հանդիսատեսներուն: