Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան չի մասնակցիր Մինսքի մէջ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան անդամ երկիրներու պաշտպանութեան նախարարներու խորհուրդի նիստին: Ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ այս մասին յայտնեց Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի մամլոյ խօսնակ Արամ Թորոսեան:
Պաշտպանութեան նախարարութենէն մանրամասնութիւն չյայտնեցին Պապիկեանի չմասնակցելու որոշումին մասին:
25 Մայիսին, Մինսքի մէջ սկսաւ ՀԱՊԿի պաշտպանութեան նախարարներու խորհուրդի նիստը, որուն ընթացքին Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկու լուսարձակի տակ առաւ ՀԱՊԿի շրջանակներուն մէջ գործողութիւններու եւ մարտական պատրաստութեան միացեալ նախաձեռնութիւններուն հայկական կողմին մասնակցութեան կարեւորութիւնը:
«Հայաստան մեր կազմակերպութեան անդամ է, մեր դաշնակիցը: Մենք հետաքրքրուած ենք խաղաղութեան հաստատմամբ եւ մեր կարելին կ՛ընենք Անդրկովկասի մէջ իրավիճակի կայունացման համար», յայտնեց ան: