Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 20ին, «Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս» ազգ. վարժարանը նշեց Հայաստանի վերանկախացման տօնը: Օրուան բանախօսն էր Րաֆֆի Քըզիրեան: Դասախօսութիւնը տեղի ունեցաւ երկրորդականի 10-12րդ կարգերու աշակերտներուն համար:
Հայերէնի դասատուները արդէն աշակերտներուն մանրամասնօրէն բացատրած էին մեր ազգին համար սրբութեան համարժէք օրուան խորհուրդը: Աշակերտութիւնը մեծ խանդավառութեամբ եկաւ լսելու նոր օրերու անկախութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան նուաճումներուն մասին:
Բանախօսը ներկայացուց վարժարանիս հայկական բաժանմունքի վարիչ Գէորգ Սարգիսեանը, կենսագրական հակիրճ տեղեկութիւններ փոխանցելով:
Քըզիրեանը իր խօսքը սկսաւ շեշտելով ազգերու կեանքէն ներս անկախութեան գաղափարի անհրաժեշտութիւնը: Ան յիշեց, թէ աշխարհի բոլոր երկիրները անկախութեան տօն ունին եւ մեծ շուքով ու հպարտութեամբ կը տօնեն զայն, բացի Անգլիայէն, որովհետեւ ան երբեք օտարի լուծին տակ չէ գտնուած: Աշակերտները մեծ խանդավառութեամբ իրենց կարծիքները յայտնեցին ու իրենց գիտելիքները բոլորին սեփականութիւնը դարձուցին: Քըզիրեան մեր նախահայրերուն եւ նահապետներուն մօտ անկախ եւ ազատ ապրելու ձգտումին մասին խօսեցաւ ու անդրադարձաւ անոնց յարատեւ պայքարին ու ազատասիրութեան: Այս մէկը ազգային այն վարքագիծն է, որ բոլորս ալ ժառանգած ենք մեր նախահայրերէն: Ապա անցաւ մեր պատմութեան բոլոր ժամանակշրջաններուն եւ մեր ունեցած պայքարներուն մասին ակնարկ մը նետելով հասաւ 1918ի Հայաստանի Հանրապետութեան կերտման աննախընթաց երեւոյթին: Անգամ մը եւս հոս յիշեց անկախ ապրելու մեր նախնիներուն զօրաւոր ձգտումը, որուն իրագործման համար հրաշքի համահաւասար աշխատանք տարին մեր հերոսները՝ միշտ հաւատալով հայրենիքին ու անոր ապագային, որուն հիմնական խարիսխը կը կազմեն այսօրուան մեր աշակերտները՝ վաղուան հերոսները ու հերոսներու ծնողները:
Աւարտին բանախօսը մամուլէն առնուած ժողովուրդի կարծիքները կարդաց անկախութեան եւ Հայաստանի ապագային հանդէպ մեր ժողովուրդին ունեցած յոյսին ու հաւատքին մասին:
Եզրակացնելով իր խօսքը, Քըզիրեան աշակերտներուն յայտնեց, թէ մեզմէ իւրաքանչիւրը հսկայական աշխատանք ունի տանելիք Հայաստանի բարօրութեան համար: Ան նշեց, թէ այսօր Հայաստանը տակաւին 15 տարեկան պատանի մըն է, որ մեզմէ իւրաքանչիւրին օգնութեանը կը կարօտի:
Որպէս վերջաբան, ան աշակերտներէն խնդրեց, որ յաջորդ օրուան՝ Վերանկախութեան տօնին առթիւ իրենց արձակուրդի ժամանակ իւրաքանչիւրը իր մտքերը դնէ թուղթի մը վրան եւ գրէ իր պատկերացումը ապագայի Հայաաստանի եւ անկախութենէն իր ակնկալածներուն մասին, ապա զայն յաձնէ իր ուսուցիչին՝ որպէս նուէր Հայաստանի նորանկախ հանրապետութեան:
20րդ դարու սկիզբը հայ ժողովուրդը 600 տարուան օտար լուծը թօթափելով կարճատեւ անկախութեան ծնունդ տուաւ եւ ապա այդ փորձառութենէն մեկնած ու անկախութեան անհրաժեշտութեան գիտակցութիւնը ունենալով, այս օրերուն մեր ժողովուրդը կը փայփայէ ու կը խնամէ նորաստեղծ այս հանրապետութիւնը, որպէսզի առ յաւէտ գոյատեւէ անոր անկախութիւնը ու անիկա դառնայ հայ սերունդներու ամուր խարիսխը:
Աշակերտները ծափողջոյններով հեռացան սրահէն, շարունակելու համար իրենց դպրոցական առօրեան՝ նոր մտասեւեռումներով: