Կազմակերպութեամբ Սան Ֆրանսիսքոյի Հայ մշակութային հիմնարկին, Հայաստանի վերանկախացման 15րդ տարեդարձի տօնակատարութիւնը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, Սեպտեմբեր 23ին, երեկոյեան ժամը 8էն սկսեալ, «Hyatt Regency» պանդոկին մէջ. հանդիսութեան ներկայ էին Աւետիս քհնյ. Թորոսեան, վեր. Ներսէս Պալապանեան, վեր. Յակոբ Գիզիրեան, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ դոկտ. Վիգէն Յովսէփեան, Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Աւետիք Իզմիրլեան ու Կեդրոնական Կոմիտէի անդամներ, Հ.Յ.Դ. «Քրիստափոր» կոմիտէութեան ներկայացուցիչ Վարանդ Գասպարեան, Ֆրանսայի փոխհիւպատոս Փաթրիս Սերվանթի, նահանգային ծերակուտական Ճօ Սիմիթեան, Սան Ֆրանսիսքոյի «BART»ի տնօրէն Ճէյմզ Ֆոնկ, շրջանի միութիւններու ներկայացուցիչներ ու կոկիկ թիւով հասարակութիւն մը:
Երեկոյթը սկսաւ ամերիկեան ու հայկական օրհներգներով, երգեցողութեամբ Հէլին Զինտարզեանի, դաշնակի ընկերակցութեամբ Աննիկ Զինտարզեանի:
Հանդիսութեան բացումը կատարեց ու յայտագիրը ձեռնհասօրէն գործադրեց Կրէյս Անտոնեան, որ իր բարի գալուստի խօսքերէն ետք հակիրճ կերպով անդրադառնալով օրուան խորհուրդին, ըսաւ. «Այսօր համայն հայութիւնը Հայաստանի մէջ թէ Սփիւռքի, կու գայ անգամ մը եւս նշելու Հայաստանի վերանկախացման 15ամեակը. ամբողջ սերունդներու համար երազ մըն էր ազատ ու անկախ Հայաստան մը ունենալը, 20րդ դարու սկիզբը, վեց դարերու ստրկութենէ եւ Հայկական Ցեղասպանութենէն ետք մենք ունեցանք մեր առաջին անկախ պետականութիւնը, 28 Մայիս 1918ին: Դժբախտաբար, նորանկախ Հայաստանը երկու տարի ետք պիտի կորսնցնէր իր անկախութիւնը՝ մաս կազմելով Խորհրդային Միութեան: Այսօր, վերանկախացումէն 15 տարի ետք, հայ ժողովուրդը կը փաստէ, թէ կրնայ միասնաբար դիմագրաւել բոլոր դժուարութիւններն ու մարտահրաւէրները, թէ ինքն է տէրը իր ճակատագրին եւ բացարձակապէս իր որոշումով պիտի ապրի ազատ, անկախ եւ ինքնիշխան»:
Յաջորդ խօսք առնողը եղաւ Հ.Յ.Դ. «Քրիստափոր» կոմիտէութեան ներկայացուցիչ Վարանդ Գասպարեան: Վերյիշելով իր պատանեկան շրջանէն յուզիչ դրուագ մը, ան ըսաւ. «34 տարիներ առաջ, պատանի տարիքիս, երբ Ամերիկա եկանք ընտանեօք, մեր մուտքը Ամերիկա եղաւ Նիւ Եորքէն. հօրս հետ երբ կը պտտէինք, հասանք ՄԱԿի շէնքը. հայրս դիտելով շէնքին կողքին ծածանուող անդամ երկիրներու դրօշակները, յուզուած սակայն բարձրաձայն ըսաւ «Արդեօ՞ք պիտի տեսնենք մեր Եռագոյնն ալ այս դրօշակներու կարգին»: Եւ կարծես անդրադառնալով, թէ ըսածը գէշ ազդեցութիւն կրնայ ունենալ իր պատանի զաւկին հոգիին վրայ, դառնալով ինծի վճռական շեշտով մը ըսաւ, «Տղաս, ես գուցէ չտեսնեմ այդ օրը, բայց դուն անպայման պիտի տեսնես»: Եւ իսկապէս, հօրս խօսքերը մարգարէական եղան: Պատմութիւնը կրկնեց ինքզինք: 1918ին Հայաստան իր անկախութիւնը հռչակեց պաշարուած թշնամիներով, 1991ին մեր հայրենիքը դարձեալ անկախութիւն հռչակեց՝ պաշարուած թշնամիներով, սակայն ինչպէս 1918ին, նոյնպէս 1991ին, հայ ժողովուրդը կրցաւ պայքարիլ եւ յաղթահարել իր դիմաց դրուած խոչընդոտները»: Ան եզրափակեց իր խօսքերը ըսելով. «Հայաստանի նիւթական թէ բարոյական նպաստներուն ձեզմէ շատեր մասնակից եղած են՝ ընդառաջելով մեր օժանդակութեան կոչերուն, Հ.Յ.Դ. «Քրիստափոր» կոմիտէութեան անունով շնորհակալութիւն կը յայտնեմ ձեր բոլորին»:
Օրուան գլխաւոր բանախօսն էր Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ դոկտ. Վիգէն Յովսէփեան: Ան նախ իր շնորհակալութիւնները յայտնեց, որ այդ գեղեցիկ առիթը տրուած էր իրեն, բաժնեկից ըլլալու Հայաստանի վերանկախացման 15րդ տարեդարձի նշումին, ապա մանրամասնեալ վերլուծումներ կատարելով, փորձեց բաժնել իր մտքերն ու մտորումները հանդիսականներուն հետ բնաբան ունենալով՝ «Ինչ է այսօրուան խորհուրդը», տալով հիմնական հանգրուանները, որոնցմէ անցաւ հայրենի պետութիւնն ու ժողովուրդը: Ան իր վերլուծականը սկսաւ նշելով, թէ «15 տարին երկար ժամանակ է իւրաքանչիւրիս համար ու մարդու մը կեանքին մէջ, սակայն 15 տարին ակնթարթ մըն է ժողովուրդներու պատմութեան մէջ՝ մանաւանդ հազարամեայ կեանք ունեցող ու պայքար մղած հայ ժողովուրդին համար»: Ուստի, ըսաւ ան. «Պէտք է այս պարունակին ու այս ժամանակի յարաբերակցութեան մէջ դիտել մեր հայրենիքի 15ամեայ ընթացքը»: Ապա շարունակելով ան ըսաւ. «Քաղաքական պայմաններու բարենպաստ դասաւորումի եւ մեր ժողովուրդի վճռակամութեան հետեւանքով վերանկախացած մեր երկիրը բնական պայմաններու մէջ չէ, որ իր ճամբէն քալեց, ընդհակառակն, առաջին օրէն դիմակալեց պատերազմ, շրջափակում, խակ ազգային կամ աւելի ճիշդը ապազգային քաղաքականութիւն եւ փտախտ: Այսուհանդերձ ան դուրս եկաւ յաղթական, արհամարհեց շրջափակումը, թօթափեց նահանջամտութիւնը իր վրայէն ու այսօր արդէն կ’որոնէ ձեւեր յաղթահարելու կոռուպցիան»:
Դոկտ. Յովսէփեան աւելցուց նաեւ ըսելով. «Այսօրուան հրամայականն է իրական ազատութեամբ ու արդար կարգերու ճամբով ամրացնել մեր պետութեան խարիսխները: Որպէս առաջին անկիւնադարձային առիթ, ունինք յաջորդ Մայիսի Ազգային ժողովի ընտրութիւնները, որոնք անպայման որ պէտք է գնահատուին որպէս ազատ ու արդար, եթէ մեր երկիրը պիտի փորձէ իր կարողականութիւնը իրականացնել»:
Թուելէ ետք վերջին 15 տարիներու շարք մը յաջողութիւններն ու տակաւ բարենորոգման կարիքը ունեցող բնագաւառները, Յովսէփեան ըսաւ. «Լաւագոյնին ձգտելու մեր տենչին մէջ, մենք պէտք է որ կարենանք պարզ ու հաւասարակշռուած կերպով գնահատել այսօրուան պահը: Ինքզինքդ իրատես համարես թէ իտէալիստ, միեւնոյնն է, պէտք է որ նպատակ ունենաս իրագործելիք. իսկ եթէ նպատակ ունիս, կը նշանակէ երազ մը ունիս: Այսօր քաղաքական ինչ երանգի ալ պատկանի ան, հայը մէկ եւ միացնող երազ ունի՝ հզօր հայրենիք, ամբողջական հայրենիք, արդար ու ազատ հայրենիք: Իսկ դէպի այդ երազը տանող ճամբան՝ լարուած, կուռ, հետեւողական պայքարն է ու լարուած աշխատանքը»:
Ան աւարտեց իր խօսքը ըսելով. «Դուք այսօր հոս էք, որովհետեւ միացած էք գործին, պայքարին: Կեցցէ՛ մեր գործը եւ մեր նպատակին առաջնորդող պայքարը»:
Ներկայացուեցան երկու հռչակագիրներ, առաջինը՝ Սան Ֆրասիսքոյի քաղաքապետ Կէւըն Նիւսըմի կողմէ ներկայացուց Մաթէոս Սենեքէրիմեան, երկրորդը՝ Սան Ֆրասիսքոյի «BART»ի կողմէ ներկայացուց նոյն հաստատութեան տնօրէն Ճէյմզ Ֆոնկ: Նաեւ այս առիթով շնորհաւորական ու գնահատական խօսքերով ելոյթ ունեցան Ֆրանսայի փոխհիւպատոս Փաթրիս Սերվանթի ու նահանգային ծերակուտական Ճօ Սիմիթեան:
Գեղարուեստական բաժնին իրենց մասնակցութիւնը բերին ջութակահար Կրէկ Մազմանեան, երկու եղանակներով, դաշնակի ընկերակցութեամբ Նայիրի Սարգիսի, ինչպէս նաեւ երգչուհի Հէլին Զինտարզեան՝ երեք երգերով, դաշնակի ընկերակցութեամբ իր մօր՝ Աննիկ Զինտարզեանի:
Ձեռնարկի աւարտին, երեկոյթի պարանցիկ բաժինը խանդավառեց երգիչ Խաչիկ իր նուագախումբով: