ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Alfa Et. Inc. ընկերութիւնը հաղորդեց, թէ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային խումբը Քալիֆորնիա պիտի ժամանէ յառաջիկայ Յունուարին, Լոս Անճելըսի եւ Ֆրեզնոյի մէջ մէկական մրցում կատարելու նպատակով:
Լոս Անճելըսի մէջ, Հայաստանի ազգային կազմը պիտի մրցի Փանամայի ազգային կազմին դէմ, Կիրակի, Յունուար 14, 2007ին, East Los Angeles College Stadium-ին մէջ, կէսօրէ ետք ժամը 3ին: Փանամայի կազմը 2005ին Քոնքաքաֆի աւարտականին հասած էր:
Յաջորդ մրցումը պիտի կայանայ Ֆրեզնոյի մէջ, Փետրուար 17, 2007ի երեկոյեան ժամը 8ին, Fresno Fuego կազմին դէմ: Մրցումը պիտի կայանայ Chukchansi դաշտին վրայ:
Հայաստանի կազմը արդէն իսկ սկսած է 2008ի Եւրոպայի ախոյեանութեան զտումի մրցումներու նախապատրաստութեան:
Լոս Անճելըսի մէջ, տոմսերը հրապարակ պիտի իջնեն Դեկտեմբեր 29ին եւ ըստ մեզի հասած հաղորդագրութեան, պիտի վաճառուին Կլէնտէյլի մէջ՝ «Անի» նպարատան, «Չատրեան վիտէօ» եւ Soccer Store խանութներուն մէջ: