ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի ֆութպոլի հաւաքականի մարզիչներ Վարդան Մինասեանը եւ Թոմ Ճոնսը հրապարակած են ֆութպոլի ազգային հաւաքականի ցուցակը Հոկտեմբեր 13ին Երեւանի մէջ նախատեսուող Եւրօ-2008ի Սերպիոյ հաւաքականին հետ ընտրական մրցումին: Հաւաքականին մէջ ընդգրկուած են 21 ֆութպոլիստներ.
Դարպասապահներ՝ Ռոման Պերեզովսքի՝ «Խիմքի», Ռուսիա, Գէորգ Գասպարով՝ «Պաս», Իրան:
Յետսապահներ՝ Սարգիս Յովսէփեան, Կարէն Դոխոյեան, Ալեքսանտր Թադեւոսեան, Աղուան Մկրտչեան, Ռոպերթ Արզումանեան՝ «Փիւնիկ», Երեւան, Հրայր Մկոյեան՝ «Արարատ», Երեւան:
Միջնապահներ՝ Արթուր Ոսկանեան, Արթուր Մինասեան, Վահագն Մինասեան՝ «Արարատ», Լեւոն Պաչաջեան, Հենրիկ Մխիթարեան՝ «Փիւնիկ», Համլէթ Մխիթարեան՝ «Ռահ Ահան», Իրան, Արտաւազդ Քարամեան՝ «Պոլիթեքնիքա», Ռումանիա, Եղիշէ Մելիքեան, Արարատ Առաքելեան՝ «Բանանց», Երեւան:
Յառաջապահներ՝ Սամուէլ Մելքոնեան, Գէորգ Ղազարեան՝ «Բանանց», Արա Յակոբեան՝ «Զիմպռու», Մոլտովա, Ռոպերթ Զեբելեան՝ «Քուպան», Ռուսիա: