ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստան 2007ի գեղեցկութեան եւ նրբագեղութեան մրցոյթին մասնակցելու համար յիշեալ մրցոյթը կազմակերպող ազգային գործակալութեան 100է աւելի դիմում ներկայացուած է:
Ըստ գործակալութեան նախագահ Կարէն Արիստակէսեանի, դիմումները կը շարունակուին ընդունուիլ մինչեւ Սեպտեմբեր 7:
Նշենք, որ մրցոյթը տեղի կ’ունենայ Հոկտեմբերի երկրորդ կէսին, եւ յաղթողները հնարաւորութիւն կը ստանան մասնակցելու Եւրոպայի, ինչպէս նաեւ այլ հեղինակաւոր միջազգային մրցոյթներու: