ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- ԼՂՀ Ազգային ժողովի պատուիրակութիւնը՝ ԱԺ նախագահ Աշոտ Ղուլեանի գլխաւորութեամբ, Նոյեմբեր 20ին ժամանեց Երեւան՝ մասնակցելու ԼՂՀ-ՀՀ միջխորհրդարանական գործակցութեան յանձնաժողովի հերթական նիստին։
Արցախի խորհրդարանական պատուիրակութեան մաս կը կազմեն ԱԺ յանձնաժողովներու նախագահներ Վահրամ Աթանէսեան, Արպատ Աւանէսեան, Բենիկ Բախշիեան, Ռուտոլֆ Մարտիրոսեան, Եուրի Հայրապետեան, «Հայրենիք» պատգամաւորական խմբակցութեան ղեկավար Արայիկ Յարութիւնեան եւ այլն։
Նիստը տեղի պիտի ունենայ Նոյեմբեր 21-22ին, հետեւեալ օրակարգով՝ օրէնսդրութեան ներդաշնակեցման հարցերը տնտեսական բնագաւառին մէջ եւ առանձնայատկութիւնները, փորձի փոխանակում՝ օրէնսդրութիւնը սահմանադրութեան համապատասխանեցնելու աշխատանքներուն համար եւ քաղաքական խորհրդատուութիւններ՝ հակամարտութիւններու լուծման ու տարածաշրջանային զարգացումներու հարցերով։ Պիտի քննուին նաեւ այլ հարցեր։
Յանձնաժողովի նախորդ նիստը գումարուած է Ապրիլ 26-27ին՝ Ստեփանակերտի մէջ։
Յիշեցնենք, որ Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի խորհրդարաններուն միջեւ կապը ամրապնդելու նպատակով, կը գործէ գործակցութեան մասին համաձայնագիրը: