ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի եւ Իրանի գիւղատնտեսութեան նախարարներ Դաւիթ Լոքեան եւ Մոհամմատ Ռեզա Էսքանտարի Նոյեմբեր 29ին ստորագրեցին անասնաբուժութեան եւ բոյսերու պաշտպանութեան բնագաւառներուն մէջ գործակցութեան համաձայնագիրներ: Նախարարներու ստորագրեցին նաեւ երկու երկիրներու գիւղատնտեսութեան նախարարութիւններուն միջեւ փոխըմբռնման յուշագիր:
Փաստաթուղթերու ստորագրութենէն յետոյ լրագրողներուն հետ հանդիպման ժամանակ Դ. Լոքեան նշեց, որ եթէ ցարդ գիւղատնտեսութեան ոլորտին մէջ Հայաստան կը գործակցէր Իրանի միայն երեք նահանգներու հետ, ապա այժմ գործակցութիւնը տեղափոխուած է միջկառավարական մակարդակ, ինչ որ գործակցութիւնը զարգացնելու նոր հնարաւորութիւն կու տայ:
Ան տեղեկացուց, որ կողմերը առաջ քաշած են երկու երկիրներուն համար փոխադարձ շահաւէտ գործակցութեան ուղղութիւնները եւ անոնց իրականացման յստակ ժամկէտներ: Նշուած են շարք մը ուղղութիւններ, ուր գործակցութիւնը կրնայ շահաւէտ ըլլալ կողմերուն համար՝ ծաղկագործութիւնը, սերմնաբուծութիւնը, ջերմոցային տնտեսութիւնը, անասնաբուծութիւնը, գիտական գործակցութիւնը: Կը նախատեսուի նաեւ կազմել աշխատանքային խումբ, որ մէկ ամսուան ընթացքին պիտի քննէ ախտահանիչ նիւթերու եւ պատուաստանիւթերու միացեալ արտադրութեան հնարաւորութիւնը:
Մոհամմատ Ռեզա Էսքանտարի նշեց, որ հայ-իրանական յարաբերութիւնները աւանդաբար եղած են բազմակողմանի եւ խոր, սակայն գիւղատնտեսութեան ոլորտին մէջ անոնք համեմատաբար թոյլ զարգացած են:
Նշենք, որ Իրանի գիւղատնտեսութեան նախարարը Երեւան այցի ընթացքին հանդիպումներ ունեցած էր նաեւ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանին եւ վարչապետ Մարգարեանին հետ: