ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր», «Արմէնփրէս», «Նոյեան Տապան».- Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը չի խանգարեր հայ-թրքական յարաբերութիւններուն, Երեւանի մէջ յայտարարեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Վարդան Օսկանեան, նախորդ տարուան դիւանագիտական աշխատանքի ամփոփման նպատակով հրաւիրուած ասուլիսի ընթացքին:
Ըստ նախարար Օսկանեանի, «Թուրքիայի հետ յարաբերութիւնների բնականոնացման եւ սահմանի ապաշրջափակման համար գլխաւոր խոչընդոտը Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրն է, այլ ոչ թէ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը»:
Ինչ կը վերաբերի Միացեալ Նահանգներու Քոնկրէսի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ բանաձեւի ընդունման հնարաւորութեան, նախարարը յայտարարեց. «Յուսանք: Ժամանակը ցոյց կը տայ» եւ յայտնեց, թէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցով 2007ին կ’ակնկալուին լուրջ զարգացումներ Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի եւ քանի մը այլ երկիրներու մէջ:
Արտաքին գործոց նախարարը նշեց նաեւ, որ անցնող տարուան ընթացքին Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններուն մէջ էական տեղաշարժ չէ արձագրուած՝ Թուրքիոյ կողմէ Հայաստանի հանդէպ որդեգրուած քաղաքականութեան պատճառով:
Հայ-թրքական յարաբերութիւններու բարելաւումը Թուրքիան կը շարունակէ պայմանաւորել շարք մը նախապայմաններով, մինչդեռ Հայաստան կողմ է Թուրքիոյ հետ առանց նախապայմաններու յարաբերութիւններու հաստատումին. «Հայաստանը բազմիցս իր պատրաստակամութիւնն է յայտնել բանակցել երկու երկրների միջեւ առկայ խնդիրներն ու տարաձայնութիւնները լուծելու նպատակով: Սակայն Թուրքիան Ատրպէյճանի հետ շարունակում է տարածաշրջանային համագործակցութեան ծրագրերից Հայաստանին մեկուսացնելու իր ոչ կառուցողական քաղաքականութիւնը: Հայաստան-Թուրքիա երկկողմ շփումները հիմնականում կայացել են միջազգային կազմակերպութիւնների շրջանակներում (ՍԾՏՀ, ԵԽ, ԵՈՒՆԵՍՔՕ եւ այլն)», նշեց նախարար Օսկանեան:
ՌՈՒՍԻՈՅ ՀԵՏ ՌԱԶՄԱՎԱՐԱԿԱՆ ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐԱՑՈՒՄԸ՝ ԱՌԱՉՆԱՀԵՐԹՈՒԹԻՒՆ
Խօսելով Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններուն մասին, նախարար Օսկանեան յայտարարեց, որ այդ շարքին մէջ գլխաւոր տեղ կը գրաւէ Ռուսիոյ հետ ռազմաքաղաքական, առեւտրատնտեսական եւ մարդասիրական բնագաւառներուն մէջ յարաբերութիւններու խորացումը եւ նշեց, որ Ռուսիա կը շարունակէ մնալ Հայաստանի առեւտրատնտեսական ամենամեծ գործընկերներէն մէկը:
Նախարարին գնահատումով, անցեալ տարի զգալիօրէն աշխուժացած են նաեւ ուղիղ կապերը Հայաստանի մարզերու եւ Ռուսիոյ շարք մը նահանգներուն միջեւ:
ՀԱՅ-ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Անդրադառնալով 2006ին հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններուն, նախարար Օսկանեան յայտնեց, որ Հայաստանը Միացեալ Նահանգներուն հետ ունի աշխոյժ գործակցութիւն քաղաքական, առեւտրատնտեսական, ռազմական եւ այլ բնագաւառներու մէջ: Ինչպէս նախորդ տարիներուն, Հայաստանէն Միացեալ Նահանգներ արտածուող ապրանքատեսակներուն մէջ կը գերակշռէ վերջնական, ոչ հումքային արտադրութիւնը: Նախարարի խօսքերով՝ հայ-ամերիկեան առեւտրատնտեսական յարաբերութիւնները աւելի կանոնակարգելու առումով կարեւոր է ԱՄՆի հետ երկակի հարկումէն խուսափելու մասին համաձայնագիրի կնքումը եւ արտօնութիւններու ընդհանուր համակարգի շրջանակներով Հայաստանէն ԱՄՆ արտածուող ապրանքատեսակներու ցանկի ընդլայնումը:
ՀԻՆ ՉՈՒՂԱՅԻ ՅՈՒՇԱՐՁԱՆՆԵՐՈՒ ՈՉՆՉԱՑՄԱՆ ԴԱՏԱՊԱՐՏՄԱՆ ԽՆԴԻՐԸ ՊԻՏԻ ՀԵՏԱՊՆԴՈՒԻ
Հին Չուղայի հայկական դարաւոր յուշարձաններու ոչնչացման դատապարտման խնդիրը 2007ին պիտի ըլլայ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան օրակարգին վրայ, ըսաւ Օսկանեան:
Նախարարը նշեց, որ Հայաստան հետամուտ պիտի ըլլայ, որ խնդիրը դառնայ հրապարակային եւ կանխուին նման դէպքերը: Հին Չուղայի մասին ցուցահանդէսը, որուն առաջին ցուցադրութիւնը կազմակերպուած էր 2006ի Դեկտեմբերին, Սթրազպուրկի մէջ, պիտի կազմակերպուի նաեւ այլ երկիրներու մէջ:
Ըստ ԱԳ նախարարին, Հայաստանը բազմակողմանի դիւանագիտութեամբ աշխատանքներ կը տանի, որպէսզի Եւրոխորհուրդի, ԵՈՒՆԵՍՔՕի կամ միջազգային միւս կազմակերպութիւններու առաքելութիւններ ուղարկուին Նախիջեւան եւ դատապարտուի հայկական յուշարձաններու ոչնչացման փաստը: